Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի նոր տարեշրջանը սկսաւ, եւ ախոյեան Արսենալ 3-0 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ Ֆրանք Լամփարտի մարզած Քովենթրիին դէմ:
Հավերթց, Սաքա եւ Օտեկարտ նշանակեցին Արսենալի երեք կոլերը խումբի մը դէմ, որ նոր բարձրացած էր «Փրեմիեր լիկ»:
Պարագան նոյնը չէր Մանչեսթըր Եունայթըտի համար, որ կը մրցէր Հալ Սիթիի դաշտին վրայ, որ իր կարգին նոր բարձրացած էր «Փրեմիեր լիկ»:
Առաջին կիսախաղին Հալ աւելի վտանգ ստեղծեց Եունայթըտի բերդին վրայ եւ երկու կոլեր ալ նշանակեց շնորհիւ Սեմի Աճայի եւ Նոպել Մենտիի:
Եունայթըտ իշխեց մրցումին վրայ, բայց մանաւանդ Բ. կիսախաղին առիթները բնաւ չկրցաւ օգտագործել, եւ արդիւնքը մնաց անփոփոխ:
Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումին, Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Տորթմունտին` այս վերջինիս դաշտին վրայ, շահելով «Ֆրանց Պեքենպաուըր»-ի անուան 12-րդ (մրցանիշ) գերբաժակը:
Նաթանիէլ Պրաուն իր առաջին պաշտօնական կոլը նշանակեց Պայերնի շապիկով` օգտուելով Մայքըլ Օլիսէի փոխանցումէն:
Ռամի Պենսեպայնի նշանակեց հաւասարութեան կոլը, բայց անոր փոխանցումը օֆ սայտի դիրքէն եկած էր, եւ ծայրի իրաւարարը չվաւերացուց զայն:
Վեթերան Մանուէլ Նոյեր քանի մը առիթ զսպեց, մինչ ֆրանսացի Օլիսէ Բ. կիսախաղին կոլ մը եւս աւելցուց` ընտրուելով մրցումին լաւագոյն մարզիկը: 75-րդ վայրկեանին փորթուգալցի Ֆապիօ Սիլվա նշանակեց Տորթմունտի միակ կոլը:
Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ «Լա լիկա»-ի Բ. հանգրուանէն յառաջաձգուած մրցումի մը մեկնեցաւ Պարսելոնա` մրցելու Էսփանիոլի դէմ, որ բաւական դժուար մրցակից էր մանաւանդ Ա. կիսախաղին:
Ճուտ Պելինկհամ 9-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումի առաջին կոլը, բայց 30-րդ վայրկեանին Ալեքս Քալաթրաւա կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը:
Ռէալ Մատրիտ մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց Բ. կիսախաղին, բայց 21 տարեկան Քարլոս Էսփի 90-րդ վայրկեանին փրկեց Ռէալը, որ շահեցաւ տարեշրջանի առաջին 3 կէտերը:
Քիլիան Էմպափէ եւ Վինիսիուս Ժունիոր այդքան լաւ ելոյթ չունեցան: Վինիսիուս միայն մէկ անգամ հարուածեց դէպի Էսփանիոլի բերդը, մինչ Էմպափէի 10 հարուածներուն միայն 3-ը բերդին ուղղութեամբ էին:
Իտալիոյ մէջ, «Սերի Ա.»-ի ախոյեան Ինթեր Միլան իր կարգին յաղթանակով սկսաւ ոչ շատ համոզիչ ելոյթով մը, հակառակ անոր որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Մոնցային:
Հաքան Չալհանօղլու, Փիոթր Զիլինսքի, Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթօ եւ Եան Պիսեք նշանակեցին Ինթերի 4 կոլերը, մինչ փորթուգալցի Կուսթաւօ Վարելա նշանակած էր Մոնցայի հաւասարութեան կոլը:
Նափոլի 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ճենովային` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Քեւին Տը Պրույնէ (82-րդ) եւ Անթոնիօ Վերկարա (87-րդ) նշանակեցին Նափոլիի 2 կոլերը: