ՀՄԸՄ Լիբանան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Լիբանանի Մէջ «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Մեկնարկը

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ կազմակերպեց մամլոյ ասուլիս մը` պաշտօնապէս յայտարարելու Լիբանանի մէջ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու մեկնարկը:

Ասուլիսին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն ներկայացուցիչ մը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներ, Ողիմպիական կոմիտէի անդամ, լիբանանեան տարբեր մարզական ֆետերասիոններու նախագահ եւ անդամներ, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու վարչականներ եւ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ զանազան վարժարաններու պատասխանատուներ եւ հիւրեր:

Խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Լուսին Գազանճեան, ատենապետ Իշխան Եղիայեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամ Զաւէն Տէր Պետրոսեան: Անոնք յայտնեցին, որ այս նախաձեռնութիւնը նոր էջ մը պիտի բանայ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի կառոյցի պատմութեան մէջ եւ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ մարզական կեանքը աշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին շուրջ համախմբելու հայ երիտասարդութիւնը:

Զաւէն Տէր Պետրոսեան ներկայացուց «Նաւասարդեան» մարզախաղերու տեսլականը, նպատակները եւ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերը` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ փոնկ, հեծելարշաւ, փատել եւ ճատրակ:

Յայտարարուեցաւ նաեւ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու յանձնախումբի կազմը, որ կը բաղկանայ 9 անդամներէ` Կարօ Պէրպէրեան, Սանան Խաչերեան, Դուին Մումջօղլեան, Վիքի Գուլաճեան, Ալեքս Պէօյիւքեան, Կարէն Պոյաճեան, Մարիա Գէորգեան, Լարա Քէչէպաշեան եւ Մարքօ Խորշիտեան:

Leave a Comment