Այսօր ժամը 16:00-ին, Ահտի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի աւարտական մրցումին պիտի ճակատի Անդրանիկի դէմ:
«Հայկական տերպի»-ի այս աւարտականը շատ կարեւոր է ՀՄԸՄ-ի համար, որ ամէն գնով կը փորձէ բարձրանալ Գ. դասակարգ:
Անցեալ ամիս սկսած Պէյրութի ախոյեանութեան իր խմբակի երեք մրցումներուն յաղթելէ ետք (4-0, 9-1, եւ 2-0 արդիւնքով Անդրանիկին), ՀՄԸՄ Պէյրութ կիսաւարտականին շատ լաւ ելոյթ չունեցաւ եւ միայն փենալթիներով կրցաւ յաղթել Տինամօ Պէյրութին` հասնելով աւարտական:
Անդրանիկ իր կարգին 2 յաղթանակներ արձանագրած էր, ապա զիջած ՀՄԸՄ-ի դէմ մրցումին, բայց կիսաւարտականին 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Շեպիպեթ Մազրաան:
Անդրանիկ բաւական լաւ խումբ է համեմատաբար աւելի մեծ տարիքով մարզիկներով, որոնք անշուշտ փորձառու են, մինչ ՀՄԸՄ ունի փորձառու եւ մեծ մասամբ երիտասարդ մարզիկներ, որոնք խմբային գեղեցիկ խաղ կը կիրարկեն:
Ճիշդ է, որ նախապէս ՀՄԸՄ յաղթած է Անդրանիկին, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մարզիկները իրենց միտքերը հանգիստ դաշտ ներկայանան եւ անհոգ ֆութպոլ խաղան: Կիսաւարտականին ատիկա պատահեցաւ մանաւանդ կոլ մը նշանակելէ ետք, ուր մարզիկները քիչ մը անձնասէր սկսան խաղալ եւ վստահեցան իրենց կարողութիւններուն` մոռնալով խմբային գեղեցիկ խաղը:
Ամառնային եղանակով պայմանաւորուած օրուան տաք ժամերը մարզիկներուն ուժը կը նուազեցնեն, եւ անոնք շատ աւելի շուտ յոգնելու կրնան սկսիլ, մանաւանդ երբ խմբային ֆութպոլ չի խաղցուիր: Խմբային դիւրին եւ պարզ ֆութպոլը շատ կ՛օգնէ, որ խումբը աւելի հանգիստ խաղայ եւ մրցակիցը յոգնեցնէ:
Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով ներկայ գտնուիլ դաշտ: Փոխադրամիջոց ալ տրամադրուած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին առջեւ ժամը 15:00-ին: Մուտքը ազատ է, եւ մեծ թիւով համակիրներու ներկայութիւնը կը սպասուի, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքն ալ բաւական լաւ ելոյթ կ՛ունենան եւ պէտք ունին քաջալերանքի, մասնաւորաբար դժուար մրցումներու ընթացքին: