Բռնցքամարտ. Վալերի Յովհաննիսեան` Ախոյեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայ բռնցքամարտիկները յաջող ելոյթներ ունեցան «Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ» մրցաշարքի կազմակերպած երեկոյին:

Երեկոյի գլխաւոր իրադարձութիւններէն էին Վալերի Յովհաննիսեանի ախոյեանութիւնը ձեռք ձգելը եւ գերծանր կշիռին մէջ Վարդան Յարութիւնեանի յաջողութիւնը:

Վալերի Յովհաննիսեան իր 11-րդ մենամարտին 11-րդ յաղթանակը արձանագրեց` պարտութեան մատնելէ ետք իր թուրք մրցակից Էկէ Արին Քոնուքը (15-2)` նուաճելով «Ի. Պի. Փի.» ախոյեանի գօտին գերթեթեւ կշիռի կարգին մէջ:

Մենամարտը տեւեց 10 ռաունտ, ուր Յովհաննիսեան լիովին կը վերահսկէր իր թուրք մրցակիցին վրայ, եւ այդ պատճառով ալ 10 ռաունտերէն ետք իրաւարարները 100-90 արդիւնքով առաւելութիւն տուին հայ բռնցքամարտիկին:

Վալերի Յովհաննիսեան անյաղթ կը մնայ իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, որ զարմանալի ընթացք ունէր: Բանտարկուելէ ետք Մեքսիքայի մէջ, ապա արտաքսուելէ եւ գրեթէ երեք տարի առանց մենամարտի մնալէ ետք, անր ասպարէզը լուրջ հարցականի տակ էր:

Ան Ռուսիա վերադառնալէ ետք անակնկալ յաղթանակներ արձանագրեց իրմէ աւելի լաւ մարտիկներու դէմ, եւ այժմ ան ախոյեան կը դառնայ իր կշիռի կարգին մէջ:

Վարդան Յարութիւնեան գերծանր կշիռի մրցումներուն իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` մնալով անյաղթ: Նաք աութով յաղթելով Պաշիր Մակոմետովին, որ 11 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած էր եւ իր կարգին մէջ անյաղթ էր (այս մենամարտէն առաջ):

Բ. ռաունտին նաք աութի ենթարկուելէ ետք, Մակոմետով կրցաւ ոտքի ելլել եւ շարունակել մենամարտը, բայց բնաւ չկրցաւ ինքզինք պարտադրել Յարութիւնեանի դէմ մենամարտին: 8 ռաունտերէ ետք 78-72, 79-72 եւ 78-73 արդիւնքով միաձայն որոշումով Յարութիւնեան յաղթեց:

Յովհաննէս Ուստեան նաք աութով պարտութեան մատնեց Եւգենի Սմելովը, երրորդ ռաունտին:

Արման Գալստեան (8-0) շարունակեց իր անյաղթ ընթացքը եւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտութեան մատնեց Արտեմ Պուգաչին:

Leave a Comment