Մարմնամարզութիւն. Արթուր Աւետիսեան` Եւրոպայի Ախոյեան. Համլեթ Մանուկեան Արծաթ Եւ Մամիկոն Խաչատրեան Պրոնզ Մետալակիրներ

Հայաստանցի մարմնամարզիկ Արթուր Աւետիսեան Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան օղակներու մրցումներուն 14.400 կէտ վաստկելէ ետք դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Ան յաւելեալ ցուցանիշներով շրջանցեց Իլիա Զայքան, որ իր կարգին 14.400 կէտ վաստկած էր, մինչ Ողիմպիականի խաղերու ախոյեան յոյն Էլեֆթերիոս Փեթրունիաս գրաւեց 3-րդ դիրքը:

Արթուր Դաւթեան, որ առաջին հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւած էր բարձրագոյն ցուցանիշները ձեռք ձգելէ ետք, յենացատկի աւարտականին միայն 8-րդ դիրքը գրաւեց: Երեք անգամ Եւրոպայի ախոյեանը 14.833 կէտ ձեռք ձգեց նախ իր առաջին փորձին, բայց երկրորդ ցատկին ան չյաջողեցաւ, բան մը, որ զգալիօրէն ազդեց իր վերջնական արդիւնքին վրայ:

Նժոյգի թափերու վարժութեան մրցումներուն Համլեթ Մանուկեան դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, իսկ Մամիկոն Խաչատրեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:

Leave a Comment