Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ` Պէյրութի Ախոյեան

Շաբաթ օր Ահտի դաշտին վրայ բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անդրանիկին դարձաւ Պէյրութի շրջանի ախոյեան:

2-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողական գիծի աններելի սխալէն օգտուելէ ետք Անդրանիկ նշանակեց իր կոլը:

ՀՄԸՄ շուտով ինքզինք գտաւ եւ մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց մաս մը վերջին փոխանցումին ճշգրտութեան պատճառով կամ ալ վերջին որոշումը տալու ժամանակ` հարուածե՞լ, թէ՞ փոխանցել:

Ա. կիսախաղի վերջին 15 վայրկեաններուն ՀՄԸՄ գրեթէ ամբողջովին տիրապետեց եւ լուրջ առիթներ ստեղծեց:

28-րդ վայրկեանին Իսա Օսմանի փոխանցումէն ետք գնդակը հասաւ Մուսա Ամինին, որ առանձին կրնար դէպի բերդ հարուածել, բայց տակաւին «մթնոլորտին մէջ չէր», եւ գնդակը բարձր անցաւ:

38-րդ վայրկեանին Օմար Հուսարիի փոխանցումէն ետք գնդակը հասաւ Ամինի, որ չնկատեց, թէ առանձին էր, եւ գնդակը կորսնցուց զարմանալի ձեւով:

41-րդ վայրկեանին Իսայի գեղեցիկ փոխանցումը հասաւ Կի Խանճեանին, որ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը, սակայն իրաւարարը ֆաուլ նկատեց պատահածը: Կի բերդապահէն առաջ հասած էր գնդակին եւ դէպի բերդ ղրկած գնդակը: Անդրանիկի բերդապահ Իսամ Պիլանի բերդէն դուրս եկած էր եւ կը փորձէր Կին նեղի բերել, բայց անոր զարնուեցաւ:

Հետաքրքրական ձեւով կոլը ջնջուեցաւ` իբրեւ թէ ֆաուլ կար բերդապահին վրայ:

49-րդ վայրկեանին Իսա Օսմանի փոխանցումէն ետք Մուսա Ամին նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը` կիսախաղին սուլիչէն քանի մը վայրկեան առաջ:

Բ. կիսախաղին, հակառակ անոր որ Անդրանիկ իր լաւագոյն յառաջապահը դաշտ ներկայացուց, ՀՄԸՄ ինք էր, որ առիթներ ստեղծեց եւ ճնշեց մինչեւ 70-րդ վայրկեան, երբ Իսա աջ կողմէն ճեղքեց, փոխանցեց կեդրոն` Մուսա Ամինին, որ չկրցաւ տիրապետել գնդակին վրայ, որ սակայն հասաւ Հայտար Հայտարի, որուն զօրաւոր հարուածը անզսպելի էր Անդրանիկի բերդապահին համար նշանակելով ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը:

Հակառակ մեծ թիւով առիթներուն, արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ ՀՄԸՄ դարձաւ Պէյրութի շրջանի ախոյեան:

Այժմ խումբը հասած է վերջին հանգրուան, ուր պիտի մրցի լեռնալիբանանի, Պեքաայի, Հարաւի եւ Հիւսիսի լաւագոյն խումբերուն դէմ` Գ. դասակարգի 2 տոմսերուն համար:

Հարիւրաւոր համակիրներ, որոնք ամբողջ մրցումի տեւողութեան կը քաջալերէին խումբը, մրցումի աւարտին դաշտ իջնելով տօնեցին խումբին հետ:

Խմբապետ Աւագ Պալապանեանի գլխաւորութեամբ խումբը ստացաւ Պէյրութի շրջանի բաժակը:

Յուսանք, որ մանր սխալները չեն կրկնուիր աւարտական հանգրուանին, ուր վստահաբար դժուար մրցակիցներ պիտի ունենան մեր տղաքը, բայց ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, խմբային խաղով ամէն ինչ կարելի կ՛ըլլայ յաջողցնել:

 

 

Leave a Comment