Իսնա. «Փաշինեան Պիտի Մասնակցի Խամենէիի Յուղարկաւորութեան»

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի օդային հարուածներուն հետեւանքով զոհուած Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան», կը հաղորդէ Թեհրանի մէջ գործող ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Խամենէիի յուղարկաւորութեան` Փաշինեանի մասնակցութեան մասին գործակալութեան տեղեկացուցած է Իրանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Արա Շահվերդեան: Շահվերդեանի համաձայն, Հայաստանի վարչապետի այցելութեան մասին պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Իրանի … Read more

Կալուզին. «ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Արդիւնաւէտ Իրականացուիլ Միայն Մոսկուայի Մասնակցութեամբ»

ԹՐԻՓՓ փոխադրական նախագիծը կրնայ արդիւնաւէտ իրականացուիլ միայն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, եւ Մոսկուայի կարծիքը պէտք է հաշուի առնուի, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հարցազրոյցի մը ընթացքին: Միխայիլ Կալուզին պնդած է, թէ Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սկսած պատերազմէն ետք Թեհրանը գոհ պիտի չըլլայ ամերիկեան ներկայութենէն իր սահմաններէն անմիջապէս հիւսիս: «Աւելի՛ն` որոշ փորձագէտներ … Read more

Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը` զայն կոչելով քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող եւ Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը թաքցնելու փորձ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Իսրայէլի կառավարութիւնը, որ աշխարհի առջեւ համակարգուած կերպով կը հետապնդէ պաղեստինցի ժողովուրդը եւ Կազայի ժողովուրդի ցեղասպանութեան համար Միջազգային քրէական դատարանին մէջ դատի կ՛ենթարկուի, … Read more

Պաքու Իսրայէլի Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Որոշումը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ ուղղած է` վերատեսութեան ենթարկելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին որոշումը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Կը նշուի, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ «պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրումը, բարդ պատմական գործընթացները իրաւական եւ գիտական հիմքերէ հեռու քաղաքական որոշման առարկայ դարձնելը անընդունելի է»: «Նման քայլերը կը ծառայեն ոչ թէ հաշտեցման ու փոխըմբռնման, այլ … Read more

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացած Է Թուրքիոյ 700 Միլիոն Տոլարի Կործանիչներու Շարժիչներու Վաճառքը Արգելակելու Նախաձեռնութեան

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միացած է յունական-ամերիկեան կազմակերպութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկկուսակցական խումբին` արգելակելու Թրամփի վարչակազմի առաջարկած` աւելի քան 700 միլիոն տոլարի «Ճեներըլ Էլեքթրիք Էֆ-110» կործանիչներու շարժիչներու վաճառքը Թուրքիոյ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է, որ Էրտողանը զինելը չի նշանակեր պաշտպանել դաշնակիցը, այլ` զինել եւ խրախուսել հակառակորդը` յարձակելու … Read more

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը Արցախեան Շարժման Եւ Ժողովրդավարութեան Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «մոլորութեան» մէջ է: Բոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան մէկ վիժած տարբերակը որդեգրած, Խորհրդային Միութեան ներքին, վարչական սահմանները յետ Խորհրդային Միութեան միջպետական սահմաններ ճանչցած Նիկոլ Փաշինեանը չէ հասկցած նաեւ ժողովրդավարութեան իմաստը, էութիւնը: Ըստ պաշտօնական թիւերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու յիսուն տոկոսին քուէէն ալ պակաս քուէ ստացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավարին կը թուի, թէ այդքանով ինք … Read more

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Հաւանութիւն Տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առաջարկին

Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի ներկայացուցած նախագիծին: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պատմական որոշում մը` իսրայէլեան կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկին»: «Երբեք ուշ չէ ճիշդ բան ընել: Այս սարսափելի ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է աւելի քան 100 տարի … Read more

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Իսրայէլի Կառավարութեան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առիթով

Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի նախագիծին: Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՛ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում: Արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, որ անցեալին եւս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած: Նախարարը յայտարարած է նաեւ, … Read more

Քոնկրեսականներ Հայ Գերիներու Անյապաղ Ազատ Արձակումը Պահանջեցին

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա, Ճուտի Չու եւ Լորա Ֆրիտմըն 23 յունիսին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տուին «1000 օր. Հիմա ազատ արձակեցէ՛ք հայ պատանդները» խորագրեալ մամլոյ ասուլիսը` Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղաքացի պատանդներուն բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով: Ամերիկայի … Read more

Պաքու Քննադատած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Մասին Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնները

Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին զինուորական մատակարարումները կը խրախուսեն վրէժխնդրութիւնը եւ կը խաթարեն խաղաղութեան հոլովոյթը: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ մեկնաբանած է Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանները Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամներու հարցումներուն: «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Ֆրանսայի խորհրդարանի կայքին վրայ 23 յունիսին հրապարակուած անհիմն … Read more