Կալուզին. «ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Արդիւնաւէտ Իրականացուիլ Միայն Մոսկուայի Մասնակցութեամբ»

ԹՐԻՓՓ փոխադրական նախագիծը կրնայ արդիւնաւէտ իրականացուիլ միայն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, եւ Մոսկուայի կարծիքը պէտք է հաշուի առնուի, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Միխայիլ Կալուզին պնդած է, թէ Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սկսած պատերազմէն ետք Թեհրանը գոհ պիտի չըլլայ ամերիկեան ներկայութենէն իր սահմաններէն անմիջապէս հիւսիս: «Աւելի՛ն` որոշ փորձագէտներ կը կարծեն, որ Չինաստանը նոյնպէս գոհ պիտի չըլլայ, որ Միացեալ Նահանգները կը վերահսկեն Կեդրոնական Ասիայէն Եւրոպա փոխադրական եւ գումակային երթուղիի որոշակի հատուածին», ըսած է ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Կալուզին նշած է, որ Հայաստանով բեռներու տարանցումը եւս պէտք է իրականացուի Եւրասիական տնտեսական միութեան օրէնքներուն ու կանոններուն համապատասխան, քանի տակաւին Հայաստանը կը յայտարարէ, որ կառոյցէն չի պատրաստուիր դուրս գալ:

«Եւ, ի վերջոյ, «Թրամփի ուղի»-ն պիտի անցնի տարածքով մը, ուր տասնամեակներ շարունակ ռուս զինուորները իրենց հայ գործընկերներուն հետ կը պահպանեն Հայաստանի սահմանը Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ», ըսած է Կալուզին` աւելցնելով, թէ ըստ հայկական կողմի յայտարարութիւններուն` «Երեւանը Գիւմրիի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխի փակման հարց չի քննարկեր»:

Leave a Comment