Իսնա. «Փաշինեան Պիտի Մասնակցի Խամենէիի Յուղարկաւորութեան»

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի օդային հարուածներուն հետեւանքով զոհուած Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան», կը հաղորդէ Թեհրանի մէջ գործող ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Խամենէիի յուղարկաւորութեան` Փաշինեանի մասնակցութեան մասին գործակալութեան տեղեկացուցած է Իրանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Արա Շահվերդեան:

Շահվերդեանի համաձայն, Հայաստանի վարչապետի այցելութեան մասին պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Իրանի փոխնախագահ Սեյիտ Համիտ Փուրմոհամատիի` անցեալ շաբաթավերջին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին:

«Փուրմոհամատիի եւ Փաշինեանի հանդիպման ժամանակ Հայաստանի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու յեղափոխութեան սպաննուած ղեկավարի յուղարկաւորութեան», նշած է Շահվերդեան:

Հայաստանի կառավարութիւնը առայժմ վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութեան վերաբերեալ տեղեկութիւն չէ տարածած:

Leave a Comment