Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը` զայն կոչելով քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող եւ Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը թաքցնելու փորձ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Իսրայէլի կառավարութիւնը, որ աշխարհի առջեւ համակարգուած կերպով կը հետապնդէ պաղեստինցի ժողովուրդը եւ Կազայի ժողովուրդի ցեղասպանութեան համար Միջազգային քրէական դատարանին մէջ դատի կ՛ենթարկուի, կը փորձէ թաքցնել իր սեփական յանցագործութիւնները` 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քաղաքական դրդապատճառներով որոշում տալով», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Իսրայէլի իշխանութիւններուն «պատմական փաստերը անտեսող» որոշումը «կ՛ընդգծէ ծանր վիճակը վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ անոր յանցակիցներուն, որոնց համար Միջազգային քրէական դատարանը տուած է ձերբակալման հրամանագիր պաղեստինցիներու դէմ կատարուած յանցագործութիւններու հետաքննութեան կապակցութեամբ»:

«Թուրքիան պիտի շարունակէ վճռականօրէն աշխատիլ` վերջ տալու շրջանին մէջ Իսրայէլի ծաւալապաշտական եւ անկայունացնող քաղաքականութեան եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու Նեթանիահուի կառավարութիւնը քաղաքային բնակչութեան, մասնաւորաբար` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

 

 

Leave a Comment