Պաքու Իսրայէլի Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Որոշումը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ ուղղած է` վերատեսութեան ենթարկելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին որոշումը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Կը նշուի, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ «պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրումը, բարդ պատմական գործընթացները իրաւական եւ գիտական հիմքերէ հեռու քաղաքական որոշման առարկայ դարձնելը անընդունելի է»:

«Նման քայլերը կը ծառայեն ոչ թէ հաշտեցման ու փոխըմբռնման, այլ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններու հետագայ խորացման, կը խոչընդոտեն շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ հաշտեցման ապահովման ջանքերուն:

«Մենք Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` վերատեսութեան ենթարկելու իր ընդունած որոշումը:

«Ազրպէյճանը նոյնպէս այսուհետեւ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ իր դիրքորոշումը` պատմական ճշմարտութեան պաշտպանութեան, միջազգային օրէնքի սկզբունքներու յարգման եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան նպաստելու ուղղութեամբ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

Leave a Comment