Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միացած է յունական-ամերիկեան կազմակերպութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկկուսակցական խումբին` արգելակելու Թրամփի վարչակազմի առաջարկած` աւելի քան 700 միլիոն տոլարի «Ճեներըլ Էլեքթրիք Էֆ-110» կործանիչներու շարժիչներու վաճառքը Թուրքիոյ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է, որ Էրտողանը զինելը չի նշանակեր պաշտպանել դաշնակիցը, այլ` զինել եւ խրախուսել հակառակորդը` յարձակելու Միացեալ Նահանգներու բարեկամներուն վրայ:
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Քոնկրեսը գործարքին մասին պաշտօնապէս տեղեակ պահած է 24 յունիս 2026-ին, որմէ ետք Քոնկրեսը ունի 15 օր` զայն արգելակելու համար: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայերուն դիմելու իրենց ներկայացուցիչներուն` աջակցելու քոնկրեսական Տինա Թիթուսի նախաձեռնած երկու քայլերուն:
Առաջինը միացեալ մերժման բանաձեւն է, որով կը նախատեսուի ամբողջութեամբ արգելակել «Էֆ-110» շարժիչներու վաճառքը Թուրքիոյ: Երկրորդը նամակ է Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան` պահանջելով կանխել Թուրքիոյ վերադարձը «Էֆ-35» ծրագիրին:
Թուրքիան «Էֆ-35» ծրագիրէն հեռացուած էր 2019 թուականին` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը ձեռք բերելէ ետք: Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութիւնը կը շարունակէ արգիլել «Էֆ-35»-երի փոխանցումը Թուրքիոյ, քանի տակաւին Անգարան կը պահպանէ այդ համակարգը:
Քոնկրեսականներ Տինա Թիթուս, Քրիս Փափաս, Ճոշ Կոթհայմըր, Նիքոլ Մալիոթաքիս, Մայք Լոուլըր եւ Ֆրենք Փալոն քննադատած են վարչակազմի քայլերը` նշելով, որ Թուրքիոյ ամերիկեան յառաջատար ռազմական զինուորական սարքաւորումներ տրամադրելը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն եւ շրջանային անվտանգային շահերուն:
Նախաձեռնութեան հեղինակները նաեւ կ՛ընդգծեն Թուրքիոյ ապակայունացնող գործողութիւնները շրջանին մէջ, ներառեալ Ազրպէյճանի ռազմական արշաւներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը Հայաստանի դէմ: