Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի ներկայացուցած նախագիծին:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պատմական որոշում մը` իսրայէլեան կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկին»:
«Երբեք ուշ չէ ճիշդ բան ընել: Այս սարսափելի ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է աւելի քան 100 տարի առաջ եւ որուն պատմական փաստերը իսկապէս անվիճելի են, ներառեալ մէկուկէս միլիոն մարդու սպանութիւն եւ հին մշակութային ու պատմական ժառանգութեան ոչնչացում», յայտարարեց Սահեր:
Սահեր իր գրասենեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս կը մնայ ենթակայ հիմնականին մէջ թրքական պետութեան կողմէ ժխտման եւ արժեզրկման հաստատութենականացուած արշաւի մը, ներառեալ պատմութեան վերաշարադրման: Կը կարծեմ, որ ժամանակն է, որ Իսրայէլը, իբրեւ հրէական պետութիւն, պաշտօնապէս ընդունի այս դիրքորոշումը… երբեք ուշ չէ ճիշդ բանը ընելու… ասիկա թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ պատմական պարտաւորութիւն է»:
Սահեր նախքան այդ «Էքս»-ի վրայ գրած էր. «Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը բարոյական եւ պատմական պարտաւորութիւն է: Միեւնոյն ժամանակ, տեղին է դատապարտել պատմական ճշմարտութեան որեւէ ժխտում, նսեմացում կամ խեղաթիւրում»:
Կառավարութեան համաձայնութեան արժանանալէ ետք նախագիծը պիտի ուղարկուի խորհրդարան:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախապէս «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ կ՛աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծին:
Ան 2025-ի ամրան ալ լրագրող Փաթրիք Պեթ-Տէյվիտի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ անձնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: