Ակնարկ. Ապու Տապիի Հետ Առնչուած Հանգամանքներ
Ապու Տապիի երկօրեայ հանդիպումները աւելի երեւոյթ են, քան բովանդակութիւն: Պաշտօնական լրահոսները կը խօսին դրական մթնոլորտի, երկխօսութիւնը բաց պահելու, հարցերու լուծման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու եւ ամէնէն յատկանշականը այս գործընթացը շարունակելու մասին: Տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ տեսանելի չեն յայտարարութիւններուն մէջ: Ըստ էութեան սակայն համաձայնութիւնները եւս տեսանելի չեն: Դէպի խաղաղութիւն ուղղուելու ակնարկներ կան, սակայն կը բացակային ժամկէտները, հրադադարի շուրջ նախնական … Read more