Սալամ. «Արդարադատութիւնը Թող Ամենայն Անկախութեամբ Իր Ուղին Աւարտէ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Մաքսատան մէջ վերջին նշանակումներուն ընդդիմացող ձայներուն լաւ մտիկ ըրի, եւ այստեղ ամբողջական հասկացողութիւնս կը յայտնեմ, մասնաւորաբար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակներուն եւ զոհերուն ծնողներուն մօտ գոյութիւն ունեցող մտահոգութեան զգացումներուն, եւ անոնց կը վստահեցնեմ, որ այս հարցին մէջ ամբողջական ճշմարտութեան նկատմամբ յանձնառութիւնս անդառնալի է, եւ անոր մէջ ոչ ոք պաշտպանուած է ի հեճուկս … Read more

Պասիլ Հանդիպում Ունեցաւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը ունեցան երկար եւ յատուկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային ներկայ վերջին զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր կացութեան ու կայունութեան վրայ անոնց ազդեցութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանեան կացութեան եւ ընդգծուեցաւ «Լիբանանի կայունութեան ու ազգային միասնականութեան պահպանութեան, անկախութեան … Read more

Նախագահ Աուն Դեսպան Քարամի Հետ Քննարկեց «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովի Պատրաստութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավար, բանագնաց, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: Նախագահ Աուն Քարամի հետ քննարկեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի գումարման պատրաստութիւնները եւ այդ ժողովի ընթացքին արծարծուելիք նիւթերը:  

Սալամի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Ապտելաթի Բարձր Գնահատեց Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Աւարտը

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ նշեց. «Ապտելաթի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատեց Լիբանանին աջակցելու, անոր հողերու գերիշխանութեան, ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան, լիբանանեան պետութեան կողմէ իր բոլոր հողերուն վրայ վերահսկողութեան հաստատման աջակցութիւնը»: Ապտելաթի զօրակցութիւն յայտնած է լիբանանեան ազգային հաստատութիւններուն կողմէ Լիբանանի անվտանգութեան … Read more

Շէյխ Խաթիպ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Թշնամիի Ուժերը Հեռանան Լիբանանեան Հողերէն, Եւ Տեղահանուածները Իրենց Հողերը Վերադառնան»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց. «Այս շաբաթ արաբ եւ օտար պատուիրակներու աշխուժ այցելութիւններ տեսանք եւ լսեցինք խօսքեր ու փափաքներ, որոնք կը կեդրոնանան զէնքի մենաշնորհման եւ ելեւմտական բարեկարգումներու իրագործման վրայ, սակայն առանց որ անոնց մեծամասնութիւնը մատնանշեն մեր երկրին ու ժողովուրդին վրայ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը, սպանութիւնն … Read more

Ժահժահ Հեռաձայնեց Նախագահ Աունին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ժահժահ հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ զինք շնորհաւորած նախագահի պաշտօնի ստանձնման միամեակին առիթով` նշելով, որ այս տարին իսկական մեկնարկը եղաւ պետութեան վերատիրացման հոլովոյթին եւ զայն ճիշդ ուղիի վրայ դնելուն` հասնելու համար իրողական ու կարող պետութեան: Ժահժահ բարձր գնահատած է նախագահ … Read more

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ լայն քննարկում ունեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութեանց շուրջ: Խորհրդարանի նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն նկատմամբ` դիտել տալով, որ միայն լիբանանցիներու միաւորումն է, որ կրնայ պահել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու թշնամիին դէմ ծառանալու կամքն ու ոգին: Անդրադարձ … Read more

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը լիբանանեան կառավարութեան հետ կնքեց նուիրատուութեան ձեւաչափով շուրջ 110,5 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ֆինանսաւորման վեց նոր համաձայնագիրներ` աջակցելու համար Լիբանանի անվտանգութեան ոլորտին, տագնապէն վնասուած շրջաններու առողջացման եւ հիմնական բարեկարգումի առաջնահերթութիւններուն: Բոլոր համաձայնութիւններն ալ կնքուեցան ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի հետ»: «Այս նուիրատուութիւնները Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն … Read more

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւններու զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրի նաեւ ընդունեց սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը` ներկայութեամբ իր քաղաքական օգնական, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլի:

Գահիրէի Մէջ Պայրագտարեանին Յանձնուեցաւ Գնահատման Յուշանուէր Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի ժողովներու ծիրին մէջ մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու աշխատակիցներու 3-րդ ֆորումի փակման հանդիսութեան, որ Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան կողմէ կազմակերպուած էր Արաբական լիկայի հսկողութեամբ: Այս առիթով նախարար Պայրագտարեանի յանձնուեցաւ գնահատման յուշանուէր մը: Նոյնպիսի յուշանուէրներ յանձնուեցան Թունուզի եւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ … Read more