Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը ունեցան երկար եւ յատուկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային ներկայ վերջին զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր կացութեան ու կայունութեան վրայ անոնց ազդեցութեան:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանեան կացութեան եւ ընդգծուեցաւ «Լիբանանի կայունութեան ու ազգային միասնականութեան պահպանութեան, անկախութեան եւ ամբողջական գերիշխանութեան ընդգծումով պետութեան կառուցման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով որոշումը պետութեան եւ անոր սահմանադրական ու օրինական հաստատութիւններուն, նախ եւ առաջ լիբանանեան բանակին մենաշնորհը դարձնելու կարեւորութիւնը»:
Հանդիպումը դրական եւ յստակ էր, եւ անոր ընթացքին տարբեր հարցերուն ու քննարկուած նիւթերուն շուրջ տեսակէտներու համընկնում արձանագրուեցաւ: