Գահիրէի Մէջ Պայրագտարեանին Յանձնուեցաւ Գնահատման Յուշանուէր Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի ժողովներու ծիրին մէջ մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու աշխատակիցներու 3-րդ ֆորումի փակման հանդիսութեան, որ Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան կողմէ կազմակերպուած էր Արաբական լիկայի հսկողութեամբ: Այս առիթով նախարար Պայրագտարեանի յանձնուեցաւ գնահատման յուշանուէր մը: Նոյնպիսի յուշանուէրներ յանձնուեցան Թունուզի եւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ … Read more

Ռաժժիի Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներու Արտայայտումը Կը Շարունակուի

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի Իսրայէլի Լիբանանի դէմ յարձակումները արդարացնող յայտարարութիւնը կ՛ապացուցէ ազգային գերիշխանութիւնը հարուածելու եւ ներքին պառակտումը ամրապնդելու շարունակուող վարմունքի վտանգաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ «գերիշխանական» եզրին ետին պահուըտողներու դատարկ պնդումները: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նշեց, որ կառավարական ամբողջ համակարգն ու անոր մասնակցող բոլոր կողմերը … Read more

Իսա. «Լիբանանին Աջակցութիւնը Երբեք Չդադրեցաւ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շրջեցաւ սքանըրի մեքենաները աչքէ անցընելու համար: «Աշխատանքի կշռոյթը արագ է, եւ հպարտ եմ, որ այդ մեքենաները հոս են», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշեց. «Պէտք է վերականգնուի բնական կացութիւնը, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պետութեան վերադառնալն է, որպէսզի անոր եկամուտները չթալանուին եւ չգողցուին»: «Այն ճարտարագիտութիւնը, որ այսօր … Read more

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

Երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ մասնակցութեամբ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի, քաթարցի պատուիրակ Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Ալ Թանիի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի,  Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ … Read more

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

Երէկ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը` «Թելէ Լիպան»-ը պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին թեկնածու առաջադրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի յիշողութեան ցուցակին: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին խօսք մը արտասանելով նշեց. «Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը լուսարձակի տակ վերադարձաւ եւ դարձեալ պիտի շողարձակէ»: «Այս իշխանութեան կառավարութիւնը յաջողեցաւ 1999-էն, այսինքն` 26 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պատկերասփիւռի կայանի վարչական … Read more

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը` իբրեւ Հնգեակ յանձնախումբի ներկայացուցիչ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Պըրրի գնահատեց «Լիբանանին ու իրմէ պահանջուածը ամբողջացուցած անոր բանակին աջակցութեան ֆրանսական եւ բոլոր պետութիւններու ջանքերը»: «Լիբանան յարգեց ու կը յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ նոյեմբեր … Read more

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու ժողովներու ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Քուէյթի երիտասարդութեան հարցերու պետական նախարար Ապտելռահման Մթէյրիի եւ Քաթարի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ: Երէկ առաւօտեան Պայրագտարեանի … Read more

Ռաժժիի Արտայայտած Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներ

Ամալ շարժումի ղեկավար մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Հեգնական է, որ մեր կառավարութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարը կ՛արդարացնեն սիոնական թշնամիին կողմէ լիբանանեան հողերու մէկ բաժինի գրաւումը, երբ նահատակներուն ու վիրաւորներուն արիւնը տակաւին չէ չորցած»: Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` իր քաղաքական դիրքորոշման ու աշխատանքային ծրագիրին մէջ փնտռելու, թէ ազգային գերիշխանութեամբ հետաքրքրուա՞ծ է կամ արտաքին գործոց նախարարի … Read more

Ըստ «Ժազիրա»-ի. Լիբանանեան Բանակը Աուալի Եւ Լիթանի Գետերուն Միջեւ Կացութեան Գումակային Տեսանկիւնէն Գնահատումը Կը Կատարէ

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը յայտնած է. «Բանակը Աուալի եւ Լիթանի գետերուն միջեւ կացութեան գումակային տեսանկիւնէն գնահատումը կը կատարէ»: «Բանակը այդ գնահատման վրայ հիմնուելով զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլի պատկերացում մը պիտի մշակէ», նշած է աղբիւրը:    

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներ Խմբաւորումը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Կ՛որակէ

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորումը ահաբեկչական խմբաւորում որակեց` ընդառաջելով իր արաբ դաշնակիցներու եւ պահպանողական ամերիկացիներու պահանջներուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս որակումը կ՛արտացոլացնէ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորման մասնաճիւղերուն կատարած բռնարարքներուն եւ անկայունութեան դիմակայման համար շարունակուող ջանքերուն առաջին քայլերը»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի … Read more