Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւններու զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրի նաեւ ընդունեց սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը` ներկայութեամբ իր քաղաքական օգնական, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլի:

Leave a Comment