Շէյխ Խաթիպ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Թշնամիի Ուժերը Հեռանան Լիբանանեան Հողերէն, Եւ Տեղահանուածները Իրենց Հողերը Վերադառնան»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց. «Այս շաբաթ արաբ եւ օտար պատուիրակներու աշխուժ այցելութիւններ տեսանք եւ լսեցինք խօսքեր ու փափաքներ, որոնք կը կեդրոնանան զէնքի մենաշնորհման եւ ելեւմտական բարեկարգումներու իրագործման վրայ, սակայն առանց որ անոնց մեծամասնութիւնը մատնանշեն մեր երկրին ու ժողովուրդին վրայ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը, սպանութիւնն ու քանդումը, ո՛չ ալ սիոնական բռնագրաւումին կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ մեր հողերու շարունակուող բռնագրաւումը»:

«Այսպիսի քաղաքականութիւն մը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լիբանանի ու թշնամիին հետ վարմունքի տարբերութիւնը եւ իսրայէլեան փափաքներուն ընդառաջումը», ըսաւ ան:

«Անհրաժեշտ կը նկատենք, որ թշնամիի ուժերը հեռանան լիբանանեան հողերէն, եւ գաղթականները իրենց հողերն ու գիւղերը վերադառնան, վերաշինութեան երթը ընթացք առնէ եւ իսրայէլեան բանտերու մէջ պահուող գերիները ազատ արձակուին, ներառեալ վերջին գերին` քափիթեն Ահմետ Շուքրը, որ լիբանանեան հողերուն վրայ առեւանգուեցաւ, եւ ատիկա ամէն բանէ առաջ պէտք է կատարուի, այլապէս «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով որեւէ բանակցութիւն անօգուտ է եւ անոր նկատմամբ կարելի չէ յոյս կապել», յայտնեց շէյխ Խաթիպ:

 

 

Leave a Comment