Նախարար Պայրագտարեան Կ՛ողջունէ Կութիերեսի Այցելութիւնը

Երէկ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ողջունելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնը ընկերային ցանցի «Էքս» հարթակին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնն ու անոր կառավարութեան զօրակցութիւնը եւ տեղահանուածներու ի սպաս տարուող մարդկային օժանդակութեան ճիգերու իր աջակցութիւնը պերճախօս ցուցանիշեր են հաստատութիւններու բազմակողմանի համագործակցութեան ծիրին` միջազգային հարցերու լուծման  … Read more

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Պուրճ Համուտի Մօտակայ Շրջանին Մէջ Բնակարան Մը

13 մարտի կանուխ առաւօտուն Իսրայէլ հրթիռակոծեց Նապպա-Միրնա Շալուհի շրջաններուն  սահմանագիծին վրայ գտնուող շէնքի մը բնակարանը։ Այս շրջանները նաեւ շատ մօտիկ են հայաբնակ Պուրճ Համուտին, որ, բարեբախտաբար, նիւթական կամ մարդկային վնասներ չկրեց։ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մէկ մասը լսեց ռմբակոծումին ձայնը։

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

Անցնող 28 փետրուարէն ի վեր Իրանի դէմ բռնկած իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակողական արշաւը եւ ապա 2 մարտին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումները հետզհետէ կը քողազերծեն Իսրայէլի իսկական նպատակները շրջանին ու Լիբանանի դէմ, սկսելով Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու շրջանէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ աւաններ ու Պեքայի եւ Պաալպեքի տարածքները: Վերջին 48 ժամերու զարկերը սակայն յարձակումները կը դասեն նոր ու … Read more

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

Տասներորդ օրն ըլլալով, երէկ իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին իրենց յարձակումները հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ Պեքայի ու Պաալպեքի մերձակայքը` պատճառելով զոհեր եւ նիւթական կորուստներ: Այս մասին իր հերթական զեկուցումին մէջ Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան շարունակուող հարուածներուն պատճառած տեղահանուածներու պաշտօնական ընդհանուր թիւը, որ արձանագրուած է նախարարութեան տրամադրած կայքին վրայ, հասած … Read more

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ

Վերջին քանի մը օրերու ապահովական ու զինուորական զարգացումները իրենց հետեւանքներով շեշտակիօրէն եկան զգուշացնելու լիբանանեան պատկան կողմերը, թէ «դանակը հասած է կոկորդին», եւ ժամանակն է գործնական քայլերու դիմելու, եթէ վճռած են տէր կանգնիլ իրենց հայրենիքին: Փաստօրէն թշնամին հերթաբար կը գործադրէ Լիբանանի դէմ յղած իր հեգնական ազդարարութիւնները: Կը բաւէ յիշել, օրինակ, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարին «Պէյրութի Հարաւային արուարձանները … Read more

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

Լիբանանի մէջ հետզհետէ սաստկացող պատերազմական գործողութիւններու եւ արձանագրուող աւերներու եւ մարդկային կորուստներու մթնոլորտին մէջ պաշտօնական Լիբանան ընդլայնեց իր շփումներու ծիրը: Այս իմաստով նախագահ Ժոզեֆ Աուն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի հրաւէրով երէկ «զում»-ի միջոցով հեռավար զրոյցի ընթացքին վերահաստատեց լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Հըզպալլայի զինեալ  գործունէութիւնը արգիլելու որոշումը եւ … Read more

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուող իսրայէլեան յարձակումներուն լոյսին տակ Լիբանանի խորհրդարանը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարելով երկու տարիով երկարաձգեց իր գործունէութեան աւարտի ժամկէտը 76 ձայներու մեծամասնութեամբ:  41 երեսփոխաններ  դէմ քուէարկեցին, իսկ 4 երեսփոխաններ սպիտակ քուէ նետեցին: Խորհրդարանի այս քայլին դէմ կարգ մը երեսփոխաններ քննադատական կեցուածքով մերժեցին կատարուածը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ մերժելով պատահածը յայտնեց, … Read more

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

Այն միջոցին, երբ Հըզպալլա շեշտակիօրէն ընդարձակեց Իսրայէլի դէմ իր յարձակումները` հասնելով մինչեւ Թել Աւիւի յատկապէս արհեստագիտական եւ ելեկտրոնային կառոյցները, Իսրայէլ փոխադարձաբար թիրախաւորեց հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու զանազան շրջանները` շարունակելով իր ազդարարութիւնները շրջանի բնակիչներուն հեռանալու իրենց բնակած վայրերէն: Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հայեացքները հիմնականին մէջ ուղղուած են լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային ուղղութեամբ: Աւելի՛ն, անոր հարուածները … Read more

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

Վերջին օրերուն իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին Լիբանանի վրայ իրենց յարձակումները յաւելեալ ծանր թափով` պատճառելով նորանոր զոհեր ու վիրաւորներ, նիւթական հսկայական կորուստի կողքին: Արդարեւ, շաբաթավերջին, յատկապէս ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան յատուկ խմբակ մը լիբանանեան բանակի տարազով ծպտուած անակնկալ կերպով Պեքայի Խըրպել աւանէն ցամաքային ներթափանցում կատարեց դէպի Պաալպեքի Նեպի Շիթ շրջանը: Խմբակին կ՛ընկերանար նոյնպէս լիբանանեան նշաններով … Read more

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

Անցեալ շաբաթ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմաններուն վրայ փախստականներու եւ օրինազանց տարրերու «զսպումի ճիգերը» որոշ մտահոգութիւններ ստեղծած էին լիբանանեան կարգ մը շրջանակներու մօտ` սուրիական ուժերու հաւանական թափանցումի եւ կարգ մը զինեալ խմբաւորումներու թիրախաւորման հաւանականութեան գծով: Այս մթնոլորտի լոյսին տակ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարեհ անցեալ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ` անոր ներկայացնելով … Read more