Վերջին քանի մը օրերու ապահովական ու զինուորական զարգացումները իրենց հետեւանքներով շեշտակիօրէն եկան զգուշացնելու լիբանանեան պատկան կողմերը, թէ «դանակը հասած է կոկորդին», եւ ժամանակն է գործնական քայլերու դիմելու, եթէ վճռած են տէր կանգնիլ իրենց հայրենիքին: Փաստօրէն թշնամին հերթաբար կը գործադրէ Լիբանանի դէմ յղած իր հեգնական ազդարարութիւնները: Կը բաւէ յիշել, օրինակ, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարին «Պէյրութի Հարաւային արուարձանները մօտ ատենէն Կազայի Խան Եունես շրջանին պիտի վերածենք» հեգնախառն ազդարարութիւնը: Վերջին օրերուն, չըսելու համար ժամերուն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն պարզած պատկերը կենդանի ցուցանիշ է Իսրայէլի կիրարկած մաքիավելիական ծրագիրին: Տարբեր չէ պատկերը հարաւային Լիբանանի մէջ, ուր զոհերու կողքին, արձանագրուող նիւթական հսկայական կորուստները շրջանին մէջ ժողովրդական փոփոխութեան ահաւոր պատկերի կազմութիւնը կ՛ազդարարեն: Աւելի՛ն, երկուշաբթի երեկոյեան հարաւային Քլէյհայ աւանի հոգեւոր հովիւ հայր Փիեռ Ռայիի նահատակութիւնը «կը գուժէ» անցեալի եղբայրասպան արիւնահեղութեան մօտալուտ «այցը», որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կարգ մը կողմերու պատասխանատուներու «կա՛մ կը զօրակցիք մեզի եւ կա՛մ կը խրինք քաղաքացիական նոր բախումներու մէջ» տողընդմէջ փոխանցուած ազդին կիրարկումը:
Ապահովական ու զինուորական այս մարտահրաւէրին կողքին նոյնքան մտահոգիչ է լիբանանցիներու եւ Լիբանան աշխատելու յոյսով ժամանած օտարահպատակներու ապրուստի կենցաղային տարրական կարիքներու հոգածութիւնը, տիրող անգործութեան, սղաճի, առեւտրական չարաշահութեան ու դեղորայքի թէ սննդեղէնի տեղական շուկաներէն (այս կամ այն արտաքին նեղուցներու թէ անցքերու փակման պատրուակով) «աներեւութանալու» վտանգը:
Նմանապէս եւ ապահովական ու յատկապէս շարունակուող հրթիռարձակումի պատճառով կրթական հաստատութիւններու կամքէ անկախ փակումը, որ կը սպառնայ նորահաս սերունդի կրթական մակարդակի տկարացման, մէկ այլ մարտահրաւէր է, որ ի վերջոյ երիտասարդութիւնը եւ ապագայի «ուղեղը» դառնալու կոչուած ուսանողութեան ընտրանին կրնայ մղել արտագաղթի:
Կարելի է երկարել ծառացող մարտահրաւէրներու շարքը, սակայն էականը այն է, որ արտաքին աշխարհի պատասխանատու մարմիններ իրազեկ են Լիբանանի այս կացութեան ու կը բաւարարուին տեղեկագիր պատրաստելով: Ֆրանսական մամուլի նորագոյն էջերը կ՛ահազանգեն. «Լը Մոնտ». «Իսրայէլեան ռմբակոծումը Լիբանանը անիշխանութեան քաոսի մէջ կը խեղդէ»: «Լը Ֆիկարօ». «Իրանի պատերազմը Լիբանանը կը վերադարձնէ իր մղձաւանջին, որ վերջ չունի»: «Միտիա փարթ» կայքը. «Իսրայէլ Լիբանանի դէմ համատարած պատերազմի ձեռնարկած է»: Այս եւ նման բազմաթիւ յօդուածներով որոշումի քաղաքներու մամուլը կը զգուշացնէ Լիբանանի մէջ պատահող ահաւոր դէպքերէն:
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը իր մտավախութիւնը կը յայտնէ, թէ «վտանգ կայ, որ Լիբանան Իրանի կողքին պայքարող մէկ նոր ճակատի վերածուի»:
ՄԱԿ–ի Ընդհանուր Քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Լիբանան Պիտի Այցելէ
Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը շաբաթավերջին Լիբանան պիտի այցելէ` մօտէն տեղեկանալու Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին եւ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ջոկատներուն:
Այս բոլորը լիբանանցիներուն, նաեւ այլոց կը յիշեցնեն Լիբանանի անցեալի «մղձաւանջը», որ կը սկսէր եւ դեռ եւս կը շարունակուի տարբեր պիտակներու տակ: 1840-էն 1860-ի ընթացքին լիբանանեան երկու կարեւոր հատուածներու միջեւ եղբայրասպան արիւնահեղութիւնը, 1916-ի Լեռնալիբանանի բնակչութեան դիտումնաւոր սովամահութեան երեւոյթը, մայիս 6-ին ազատամիտ լիբանանցի մտաւորականներու կախաղան բարձրացումը, 1958-ին եւ ապա 1975-ին յօգուտ արտաքին կողմերու Լիբանանի մէջ հոսած եղբայրասպան արիւնալի ճակատումները եւ այլն… Իսկ գերպետութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները Հենրի Քիսինճըրէն մինչեւ Տին Պրաուն ու անոնց նորագոյն յաջորդները ի՞նչ ըրած էին բացի լիբանանցիները արտերկրի մէջ ապահով հողաշերտի մը մէջ համախմբելու «առաջարկ-յորդորէն», մինչ Լիբանանը «կուլ տալու» եւ ընդմիշտ փակելու Լիբանանին շնորհուած «համակեցութեան երկիր» մակդիրը, որ Հռոմի պապին կողմէ «առաքելութիւն» կ՛որակուի:
Այս մթնոլորտին մէջ եւ իսրայէլեան զարկերու տարափին տակ լիբանանցի ղեկավարներ ձեռնարկեցին «առաւել գործնական» քայլերու:
Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Նախաձեռնութիւնը
Արդարեւ, նախագահ ժոզեֆ Աուն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի հետ իր զրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է թշնամիին հետ բանակցելու դառն «գաւաթը ըմպելու» ծրագիր մը: Արդարեւ, Եւրոպական խորհուրդին հետ իր հեռավար զրոյցի ընթացքին նախագահ Աուն ներկայացուցած է իսրայէլեան յարձակումներու կասեցման զինադուլի ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ կէտերը.
Ա.- Ամբողջական զինադադար հաստատել` կասեցնելով Լիբանանի վրայ իսրայէլեան օդային, ծովային թէ ցամաքային բոլոր յարձակումները:
Բ.- Փութալ անմիջական գումակային օժանդակութիւն տրամադրելու լիբանանեան զինեալ ուժերուն:
Գ.- Լիբանանեան զինեալ ուժերը կը լծուին իրենց հակակշիռին տակ պահել լարուածութեան բոլոր դիրքերը եւ գրաւել գետնի վրայ ամբողջ զէնք-զինամթերքը, ինչպէս նաեւ գրաւել Հըզպալլայի զինամթերքն ու զինապահեստի դիրքերն ու վայրերը ըստ ձեռնտու տեղեկութեանց:
Դ.- Զուգահեռաբար, Լիբանան եւ Իսրայէլ կը սկսին միջազգային հովանաւորութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու` յանգելու համար նախորդ կէտերու մանրամասնութեանց գործադրութեան:
Իսկ երէկ նախագահ Աուն այցելեց Եարզէի պաշտպանութեան նախարարի եւ բանակի հրամանատարութեան կեդրոնները, ուր մօտէն տեղեկացաւ երկրի նորագոյն իրադարձութիւններու մանրամասնութիւնները պաշտպանութեան նախարարէն եւ բանակի հրամանատարէն:
Նախագահ Աուն երէկ նաեւ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահին եւ Սուրիոյ նախագահին հետ: Եգիպտոս կը խոստանայ օժանդակութիւն տրամադրել Լիբանանի տեղահանուածներուն:
Իսկ երէկ` երեքշաբթի յետմիջօրէին նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացաւ սուրիացի իր պաշտօնակից Ահմետ Շարեհէն: Խորհրդակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան վերջերս լիբանանեան եւ սուրիական սահմանին միջեւ սուրիական ուժերու տեղակայման հիմնաւորումներուն վրայ: Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր զինեալ միջադէպ արձանագրուած էր նշեալ սահմանէն Սըրղայայի անցակէտին ուղղութեամբ: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, միջադէպը պատահած է սուրիացի սահմանապահ զինուորներու եւ Հըզպալլայի զինեալներու միջեւ:
Նախագահ Աուն նաեւ նոյն ծիրին մէջ խորհրդակցեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ շարունակեց իր դիւանագիտական շփումները եւ այս ծիրին մէջ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ գործող Իրլանտայի լիազօր դեսպանէն իմացաւ, թէ իր երկիրը որոշած է երեք միլիոն եւրոյի յատկացում կատարել Լիբանանին: