Եւրոպական Միութիւնը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի Երկխօսութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ չափազանց մտահոգ է Լիբանանի մէջ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներէն, որոնք մարդասիրական ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան եւ երկարատեւ հակամարտութեան վտանգ կը ստեղծեն: «Իսրայէլ պէտք է Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները դադրեցնէ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կացութիւնը իրապէս աղէտալի է, մինչ կը շարունակուի հաւաքական տեղահանութիւնը աւելի քան մէկ միլիոն մարդու, ինչ որ Լիբանանի բնակչութեան … Read more

Բրիտանիան Կը Զօրակցի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններուն

Բրիտանական կառավարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բանբեր Ճոսլին Ուոլըր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողը որակեց «իսկական ողբերգութիւն»: Ան ըսաւ, որ Լիբանան անգամ մը եւս կը ներքաշուի պատերազմի մը մէջ, որ անոր ժողովուրդը չ՛ուզեր: Ուոլըր նշեց, որ իր երկիրը սերտօրէն կ՛աշխատի իր եւրոպացի եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ նաւարկումի անվտանգութեան հաւաքական ծրագիր մը մշակելու համար` շեշտելով, որ … Read more

Պաապտայի Մէջ Ապահովական Ժողովի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կը Պահանջէ Հսկողութիւն Եւ Պատասխանատուութեան Բարձր Մակարդակ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց ապահովական ժողովի մը, որ յատկացուած էր երկրին մէջ ապահովական կացութեան եւ իսրայէլեան յարձակումներու տարբեր մակարդակներու վրայ հետեւանքներու քննարկման: Ժողովին ներկայ գտնուեցան պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարը, բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար … Read more

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ Լիթանի Գետի Կամուրջները

Լիբանանի հարցով ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան նշեց. «Իսրայէլ չկրցաւ Հըզպալլան զինաթափել, ուստի կարելի չէ ակնկալել, որ լիբանանեան կառավարութիւնը այդ մէկը կատարէ երեք օրուան մէջ, ռմբակոծման տակ: Միակ լուծումը Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալն ու բանակցիլն է»: «Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու միակ լուծումը բանակցութիւնն է», յայտարարեց ան: «Ժատիտ»-ի եւ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, … Read more

Աուն. «Կառչած Կը Մնամ Իսրայէլեան Պատերազմի Դադրեցման Նախաձեռնութեանս»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կառչած կը մնամ իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու համար ձեռնարկած նախաձեռնութեանս, եւ նախանձախնդիր եմ անոր շուրջ ներքին համաձայնութեան` ամէն բանէ առաջ պատերազմին վերջ տալու համար»:

Սալամէ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութեան Սկզբունքը Մերժուած Չէ, Սակայն Լիբանանի Մէջ Քննարկումը Պայմաններուն Շուրջ Է»

Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Իսրայէլ Հարաւային Լիբանանի մէջ նոր շրջաններու կանոնաւոր կլանման գործողութիւն կը կատարէ»` նշելով, որ ատոր նպատակը արգելակիչ գօտիի ստեղծումն է: «Իսրայէլ տեղահանման եւ հողի հաւասարեցման գործողութիւն կը կատարէ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն տունդարձը արգիլելու համար», աւելցուց նախարարը: «Աշխատանք կը տանինք Իսրայէլի վրայ դիւանագիտական միջոցներով … Read more

Լիբանանի Զանազան Շրջանները Իրարմէ Անջատելու Ծիրին Մէջ. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Մարդկային Թէ Տնտեսական Կարեւոր Թիրախներ

Հակառակ բազմակողմանի զգուշացումներու` Լիբանանը թիրախաւորելէ, Իսրայէլ երէկ դարձեալ հարուածեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պաալպեքի շրջանները` պատճառելով մարդկային զոհեր եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ: Արդարեւ, Եւրոպական մէկէ աւելի ազդեցիկ երկիրներու հրապարակած զգուշացումն ու անմիջական զինադուլ պահանջող հաղորդագրութիւնը չկրցաւ սանձել Իսրայէլի ախորժակները, ան այս անգամ հարուածեց նոյնիսկ «անձեռնմխելի» նկատուած Պէյրութի օդակայանի նախկին ճանապարհը` պատճառելով մէկ զոհ … Read more

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ներխուժման Առընթեր. Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութեան Յաւելեալ Կեցուածքներ Կը Դրսեւորուին

Իրանի վրայ իսրայէլեան ու ամերիկեան յարձակումներու շարունակման կողքին եւ հակառակ Լիբանանի թիրախաւորման դատապարտումի ու զինադուլի գծով բանակցութեանց կոչերուն, Իսրայէլ անդրդուելիօրէն կը շարունակէ իր յարձակողական յառաջխաղացքը: Աւելի՛ն, Իսրայէլ նոյնիսկ հետաքրքրուած չէ Լիբանանի կողմէ Իսրայէլի պետութեան պաշտօնապէս ճանաչումի քայլով` յայտարարելով, թէ հիմնականը Իսրայէլի հիւսիսային բնակեցման վայրերը խաղաղ ձգելն է, իսկ եթէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, այդ ալ յաւելեալ … Read more

Իսրայէլեան Ներխուժման Վտանգին Եւ Զարկերու Տարափին Տակ. Զինադուլի Բանակցութեանց Հնգեակի Գործուղման Սերտ Ճիգեր` Զանազան Ուղղութիւններով

Շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ շեշտակիօրէն շարունակուած պատերազմական գործողութիւնները եկան հաստատելու երկրին մէջ զարկերու շարունակման եւ բանակցութեանց մեկնարկին գծով տիրող շփոթ մթնոլորտը: Արդարեւ, զինադուլի շուրջ յանձին նախագահ Ժոզեֆ Աունի` Լիբանանի առաջադրած բանակցութեանց մեկնարկի ծրագիրին գծով հակասական կեցուածքներ դրսեւորուեցան պատկան, յատկապէս իսրայէլեան կողմերէն մերթ յայտնելով, թէ Իսրայէլ ներկայիս համաձայն չէ բանակցութեանց սեղանին նստելու, միւս կողմէ` իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն … Read more

Գոյութենական Պատերազմական Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Գրաւը Կը Դնէ Դիւանագիտական Ճիգերու Արդիւնաւորման Վրայ

Այն միջոցին, երբ Իսրայէլ կը շարունակէ կիրարկել Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Կազայի Խան Եունեսի վերածելու եւ Լիբանանը գոյութենական պատերազմի մղելու գործելակերպը, պաշտօնական Լիբանան իր գրաւը կը դնէ դիւանագիտութեան վրայ: Արդարեւ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն վարչապետ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ համախոհութեամբ վարած իր ջանքերուն մէջ լիայոյս է, որ այլազան մակարդակներու վրայ տարուող դիւանագիտական ճիգերը պիտի … Read more