Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

Անցնող 28 փետրուարէն ի վեր Իրանի դէմ բռնկած իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակողական արշաւը եւ ապա 2 մարտին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումները հետզհետէ կը քողազերծեն Իսրայէլի իսկական նպատակները շրջանին ու Լիբանանի դէմ, սկսելով Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու շրջանէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ աւաններ ու Պեքայի եւ Պաալպեքի տարածքները: Վերջին 48 ժամերու զարկերը սակայն յարձակումները կը դասեն նոր ու վտանգաւոր ուղղութեամբ: Այս փուլին չհասնելու համար Լիբանան ձեռնարկած էր թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութեանց` փորձելով կանխել Լիբանանի դէմ նորանոր աւերիչ քայլեր: Առ այդ, երէկ արդէն տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընէին, թէ Լիբանան կազմած է Կիպրոսի մէջ նախատեսուող բանակցութեանց մասնակցելու կոչուած իր յանձնախումբը: Նմանապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն սերտ հաղորդակցութիւններ ունեցած էր միաժամանակ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատկան պատասխանատուներուն հետ` թախանձագին կոչ ուղղելով դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները: Իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կը նախատեսուի, որ այսօր հասնի Պէյրութ` մօտէն հետեւելու կացութեան զարգացումներուն: ՄԱԿ-ի պատասխանատուն լիբանանցի ղեկավարներուն հետ պիտի քննէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան կարելիութիւնները:

Սակայն կը թուի, թէ Իսրայէլ կ՛ուզէ միայն իր տեսակէտի իրագործումը պարտադրել: Արդէն իսկ իսրայէլեան ուժեր հարաւային սահմաններէն ներս թափանցելով դիրքաւորուած են 18 կեդրոններու մէջ` ընդարձակելով իրենց ոտնձգութիւններու կարկինը: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր երէկ իսրայէլացի նախարար Քացի յայտարարութիւնը, թէ «մենք զգուշացուցինք Լիբանանը, որ արգիլէ Հըզպալլայի զինեալ գործողութիւնները, սակայն այս գծով դրական քայլերու չգոյութեան, մե՛նք ստանձնեցինք այդ քայլը, որ կրնայ յանգիլ հողերու տիրացման»: Այս գծով ՖԻՆԻՒԼ-ի պատասխանատու աղբիւր մը յայտնեց, որ այս կառոյցի պատկան պատասխանատուներ  մօտէն կը հետեւին դէպքերու զարգացումին ու իրենք սերտ կապի մէջ են լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատկան կողմերուն հետ` ամէն զօրակցութիւն ցուցաբերելով շուտափոյթ լուծման յանգելու առաջադրանքով:  Փաստօրէն, երէկ իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ մէկ շաբթուան ընթացքին լայնածիր յարձակումի ձեռնարկել եւ թափանցել հարաւային Լիբանանի խորքերը: Խորքին մէջ,  մինչեւ երէկ երեկոյեան ժամը վեցի շուրջ, արդէն իսրայէլեան օդուժը անօդաչու սարքերով ուղղակիօրէն թիրախաւորեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի գործունէութեան ծիրին պատկանող կառոյցներ` պատճառելով նիւթական ահաւոր վնաս ու աւեր: Ուշագրաւ է, որ Իսրայէլի թաթը հետզհետէ կը թափանցէ նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի սահմաններէն ներս, ուր նորագոյն թիրախներէն էին` Պէյրութի Սոտեքօ շրջանին կից Պաշուրա շրջանին մէջ գտնուող «Ահմետ Ապպաս» կոչուող մէկ շէնքը, որ ըստ իսրայէլեան «հիմնաւորումին» անոր ստորերկրեայ պահեստանոցին մէջ «Հըզպալլա միլիոնաւոր տոլարներու կոկիկ գումար ամբարած է իր գործունէութիւնը ծաւալելու համար»: Աւելի ուշ Իսրայէլ հարուածեց նաեւ «Սելիմ Սալամ» կամուրջին կից, «Քապալան» գորգավաճառքի հաստատութեան դիմաց գտնուող Զոքաք Պլաթի «Քարտ Հասան» վարկային հաստատութեան մասնաճիւղը, որուն պատկան պատասխանատուները փութացած էին երէկ առաւօտուն հաստատութեան մուտքէն վերացնել անոր անունը` խուսափելու համար անոր ռմբահարումէն: Անմիջական օժանդակութեան ինքնաշարժներ փութացին խոցուած վայրերը` հեռացնելով այդ վայրերուն շուրջ համախմբուող քաղաքացիները: Աւելի ուշ Հըզպալլայի անդամ երեսփոխան Ամին Շըրրի այցելեց Զոքաք Պլաթի «Քարտ Հասան» շէնքին մօտ եւ այս գծով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով դիտել տուաւ, թէ «խօսքը ներկայիս մարտադաշտին կը պատկանի»: Ազդարարութիւններու լոյսին տակ Պէյրութի նշեալ շրջաններու բնակիչներ շտապեցին հեռանալ Պաշուրայի եւ ապա Զոքաք Պլաթի իրենց բնակարաններէն` հետիոտն ուղղուելով դէպի մայրաքաղաք Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակ:

Նախքան այդ, նախանցեալ գիշեր` չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան այգաբացին Իսրայէլ հարուածած էր նաեւ Պէյրութի ծովեզերեայ ափին` Ռաուշէի կից Ռամլեթ Պայտայի մէկ կառոյցը, ուր Իսրայէլ յաւակնեցաւ յոխորտալու, թէ թիրախաւորած է իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի մէկ պատասխանատուն:

Նոյն ծիրին մէջ, Իսրայէլ նախընթաց քայլ մը առնելով, առաջին անգամ ըլլալով հարուածեց Լիբանանեան համալսարանի գիտութեանց բաժանմունքի առաջին մասնաճիւղի կառոյցը Հատասի կեդրոնին մէջ, ուր զոհ գնաց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Հիւսէյն Պազզէ եւ անոր կից գտնուող մէկ այլ դասախօս` դոկտ. Մուրթատա Սրուր: Այս գծով նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Պասսամ Պատրանի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ինկած զոհերուն համար:

Նմանապէս, իսրայէլեան ուժեր երէկ թիրախաւորեցին նաեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները` ազդարարելով բնակիչները հեռանալու նշուած վայրերէն եւ «չվերադառնալու ցնոր տնօրինութիւն»:

Այս իրողութեան լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ Իսրայէլ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Կազայի Խան Եունեսի շրջանին վերածելու սպառնալիքը կիրարկելու հետամուտ է եւ այդ գծով արդէն իսկ մարդկային համախմբումի բնակելի վայրերը սաստելէ եւ բնակիչները տեղահանելէ ետք կը հարուածէ անոնց ենթակառոյցները` յանգելու համար երրորդ փուլին` շրջանը ամբողջական հակակշիռի տակ առնելու քայլին: Ու այս բոլորին «գինը» կը վճարէ լիբանանցի ժողովուրդը:

Խմորուող Խլրտումներու
Ազդանշաններ

Այս բոլորը կը յաջորդէին երէկ` հինգշաբթի ցերեկային ժամերուն պետական, լրատուական ու հասարակական շրջանակներու մօտ ծագած հարցադրումներուն: Արդարեւ, լիբանանեան մամուլի աղբիւր մը երէկ հրատարակած էր այսպէս կոչուած «Հայրենասէր սպաներ» ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութիւն մը, որ բանակի դերակատարութեան շուրջ հարցականներ կը ստեղծէր յիշեցնելով 1975-ի պատերազմի ընթացքին լիբանանեան բանակը պառակտելու միտած (եւ մասամբ ժամանակաւորապէս յաջողած) կոչերը:

Վարչապետ Սալամի Հակազդեցութիւնը

Երեկոյեան վարչապետ Նաուաֆ Սալամ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ դատապարտեց նշեալ հաղորդագրութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը միտի պառակտել բանակը: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն հիւրընկալելու իրենց դիմող տեղահանուածները, որոնք անմեղ են եւ պատասխանատու չեն պատահած դէպքերուն: Սալամ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին օժանդակութեան ճիգերուն:

Նաեւ` Նախագահ Աուն

Իր կարգին, նախագահ Ժոզեֆ Աուն իրազեկ նշեալ քայլերէն` խօսքը ուղղելով անհիմն զրպարտութիւններ եւ յերիւրանքներ տարածողներուն, ըսաւ. «Լռեցէ՛ք»: Նախագահ Աուն դատապարտեց նման հրահրումները գրգռող քայլերը` կոչ ուղղելով միջլիբանանեան համերաշխութեան ու գործակցութեան` երկրի այս ճգնաժամի պահերուն:

Նախարար Ռաժժի Արտաքին Գործոց
Նախարարութիւն Կանչեց Իրանի Դեսպանը

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի  երէկ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին թելադրեց կապ պահել Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին հետ եւ զայն նախարարութիւն կանչելով լուսաբանութիւն պահանջել Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին այն յայտարարութեան, թէ «Հըզպալլայի հետ գործակցաբար յաջողած են հարուածել իսրայէլեան թիրախ մը»:

 

Leave a Comment