Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

Լիբանանի մէջ հետզհետէ սաստկացող պատերազմական գործողութիւններու եւ արձանագրուող աւերներու եւ մարդկային կորուստներու մթնոլորտին մէջ պաշտօնական Լիբանան ընդլայնեց իր շփումներու ծիրը: Այս իմաստով նախագահ Ժոզեֆ Աուն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի հրաւէրով երէկ «զում»-ի միջոցով հեռավար զրոյցի ընթացքին վերահաստատեց լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Հըզպալլայի զինեալ  գործունէութիւնը արգիլելու որոշումը եւ պարզեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով:

«Այն միջոցին, երբ ձեր հետ կը խօսիմ, իմ ժողովուրդէս 600 հազար հոգի տարհանուած թափառական վիճակի մատնուած է, արձանագրուած է 400 զոհ, որոնց 83-ը երեխաներ եւ 42-ը կիներ են, մինչ 1100 վիրաւոր դարմանումի կը սպասէ», յայտնեց նախագահ Աուն` եւրոպական շրջանակներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լիբանանի ոչ նախանձելի վիճակին վրայ: Նախագահ Աուն այս առիթով դիտել տուաւ, որ երկու մարտի այգաբացին Լիբանանի մէջ պատահածը ուղղակի ծուղակ էր Լիբանանը ներգրաւելու շրջանային պատերազմին մէջ:

Ան օրէնքները անտեսող որակեց Իսրայէլի պատերազմական քայլերը Լիբանանի մէջ, իսկ Հըզպալլան` լիբանանեան իշխանութեան որոշումները անտեսող զինեալ խմբակ: «Աւելի՛ն, երկու մարտի առաւօտեան Լիբանանէն արձակուած վեց հրթիռները, հակառակ իրենց ապարդիւն ուժականութեան, Լիբանանը մղեցին կանխածրագրուած ծուղակի, ուր Լիբանան հարկադրուած պէտք է ըլլար կա՛մ ճակատելու թշնամիին դէմ` վտանգի ենթարկելով իր ժողովուրդը, կա՛մ ալ խուսափելով զինեալ ճակատումէ առիթ ընծայել, որ նշեալ զինեալ խմբակը ի՛նք ճակատի այն ենթադրեալ հիմնաւորումով, թէ պետութիւնը անզօր է պաշտպանելու իր ժողովուրդը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Դանիոյ, Շուէտի եւ Նորվեկիոյ դեսպաններուն հետ իր հաղորդակցութեան ընթացքին անհաւանական նկատեց Իսրայէլի հետապնդած աւերիչ քայլերու իրականացումը Լիբանանի մէջ:

Նոյն ծիրին մէջ, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վերահաստատեց Հըզպալլան ապազինելու եւ անոր զինեալ գործունէութիւնը արգիլելու որոշումը` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կ՛ընդունի ընդառաջել Իսրայէլի պահանջներուն: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, այս վերջինիս ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան տրամադրութեան համար: Սալամ նաեւ Եւրոպական պետութեանց ուշադրութիւնը հրաւիրեց Լիբանանի այժմու կացութեան վրայ` զօրակցութենէն անդին գործնական օժանդակութեան ակնարկելով: Ան նմանապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նախաձեռնած քայլին, որ կոչ կ՛ուղղէր Իսրայէլի վարչապետին դադրեցնելու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բանակին զինեալ գործողութիւնները:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Նորվեկիոյ իր պաշտօնակիցէն` Էսփեն Պարթ Էյտէէն: Այս առիթով Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատեց իր երկրի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ անոր տուած որոշումներուն:

Միւս կողմէ, նախարար Ռաժժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան գործավար Այատ Հազզահը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին մասին` վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Այս առիթով սուրիացի դիւանագէտը լուսաբանութիւններ տուաւ Լիբանանի հետ սուրիական սահմանի երկայնքին սուրիական ուժերու տեղակայումին մասին` նշելով, որ այդ քայլը առնուած է երկիրը պահպանելու օրինազանց եւ փախստական տարրերու դէպի Սուրիա ներթափանցումէն` յիշեցնելով, որ իր երկիրը նմանօրինակ քայլերու ձեռնարկած է նաեւ Իրաքի հետ սահմանի երկայնքին: Փոխադարձաբար, նախարար Ռաժժի անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ հետ յարաբերութեանց բացուող այս նոր էջի պահպանումը` հիմնուելով երկու պետութեանց ներքին հարցերու միջամտութենէն խուսափելու եւ անոնց գերիշխանութեան ամրապնդումի ճիգերու յարգումին վրայ: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց Սուրիոյ պաշտօնական կեցուածքը` անհրաժեշտ նկատելով երկու պետութեանց միջեւ տակաւին առկախ մնացած հարցերու եւ թղթածրարներու քննարկումն ու դասաւորումը, ինչպէս` հասարակաց սահմաններու  յստակացում, Սուրիոյ մէջ լիբանանցի անհետացածներու թղթածրարը, Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարելիութիւնը եւ լիբանանեան արգելարաններուն մէջ սուրիացի բանտարկեալներու հարցը:

Leave a Comment