Նախարար Պայրագտարեան Կ՛ողջունէ Կութիերեսի Այցելութիւնը

Երէկ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ողջունելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնը ընկերային ցանցի «Էքս» հարթակին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնն ու անոր կառավարութեան զօրակցութիւնը եւ տեղահանուածներու ի սպաս տարուող մարդկային օժանդակութեան ճիգերու իր աջակցութիւնը պերճախօս ցուցանիշեր են հաստատութիւններու բազմակողմանի համագործակցութեան ծիրին` միջազգային հարցերու լուծման  եւ քաղաքական ու ընկերային այլազան տագնապներու կառավարման առումով»:

Leave a Comment