Հակառակ Դիւանագիտական Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը
Հակառակ վերջին օրերու դիւանագիտական ու քաղաքական միջամտութեան սերտ ճիգերուն, Իսրայէլ անդրդուելիօրէն կը շարունակէ թիրախաւորել Լիբանանի հարաւային թէ մայրաքաղաքի մերձակայ շրջանները` ահ ու սարսափի մատնելով խնդրոյ առարկայ թիրախաւորուող շրջաններու բնակիչները, որոնց շարքին արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ` ահաւոր աւերի եւ նիւթական հսկայական կորուստներու կողքին: Փաստօրէն Իսրայէլ լծուած է յաճախակի թիրախաւորումի ենթարկել իր վարկածով «կասկածելի» շրջաններ, մերթ … Read more