Տասներորդ օրն ըլլալով, երէկ իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին իրենց յարձակումները հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ Պեքայի ու Պաալպեքի մերձակայքը` պատճառելով զոհեր եւ նիւթական կորուստներ: Այս մասին իր հերթական զեկուցումին մէջ Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան շարունակուող հարուածներուն պատճառած տեղահանուածներու պաշտօնական ընդհանուր թիւը, որ արձանագրուած է նախարարութեան տրամադրած կայքին վրայ, հասած է 816 հազարի: Ասոնցմէ հազար անձ տեղաւորուած են հիւրընկալման 590 կեդրոններու մէջ: Այլ աղբիւրներու համաձայն, աւելի քան մէկ միլիոն անձեր տեղահանուած են իրենց բնակարաններէն` տրուած ըլլալով, որ տեղահանուածներէն բազմաթիւ անձեր տակաւին չեն արձանագրուած նախարարութեան նշած կայքին վրայ:
Զուգահեռաբար լիբանանեան վարչամեքենան լծուած է պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ստեղծուած խնդրայարոյց իրավիճակէն դուրս գալու նուազագոյն կորուստներով ու կացութեան «ջուրի երեսը» փրկելու հոն, ուր ձեռնտու է: Խնդրայարոյց իրավիճակ` նկատի ունենալով հին, բայց վերանորոգ միջլիբանանեան բանավէճը` երկրին մէջ պարզուող իրավիճակին շուրջ տարբեր կեցուածքներու լոյսին տակ: Այս մթնոլորտին նորագոյն ցուցանիշն էր երէկ երեսփոխան Էլիաս Ժրատիի «վտարումը» հարաւի Քլէյհայի աւանին մէջ հայր Փիեռ Ռայիի յուղարկաւորութեան ընթացքին: Արդարեւ, սգակիր ամբոխը իր ցասումը արտայայտեց երեսփոխան Էլիաս Ժրատիի դէմ, որ ծանօթ է Դիմադրութեան զօրակցութեան իր կեցուածքներով: Նոյն ծիրին մէջ սգակիրները իրենց պոռթկումը դրսեւորեցին նաեւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի դէմ` հարց տալով. «Դուք Լա՞հտի, թէ՞ լիբանանեան բանակի հրամանատարն էք»: Զօրավար Հայքալ յատուկ ուղղաթիռով Քլէյհայի աւան այցելած էր ցաւակցութիւն յայտնելու հայր Փիեռ Ռայիի յուղարկաւորութեան մասնակցած սգակիրներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն: Նշենք, որ Լիբանանի երկարատեւ պատերազմի ընթացքին լիբանանցի բանակային զինուորականներ գործուղուեցան դէպի հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններ, ուր իսրայէլեան ուժերու հետ գործակցաբար Սաատ Հատտատէն ետք զօրավար Անթուան Լահտի ղեկավարութեամբ հսկեցին հարաւային Լիբանանի ապահովութեան պահպանման:
Քաղաքական-դիւանագիտական ոլորտին մէջ եւս պաշտօնական Լիբանան ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստին յանձին Լիբանանի դեսպանին, միաժամանակ Հըզպալլայէն եւ Իսրայէլէն պահանջեց դադրեցնել իրենց զինուորական գործողութիւնները: Մինչ Իսրայէլի ներկայացուցիչը Լիբանանը ազդարարեց գործադրելու Հըզպալլան ապազինելու խոստումը, այլապէս զարկերը շարունակելու սպառնալիքով: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է, որ Իսրայէլ կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտին ընդլայնել 120 քմ երկայնքով եւ 6 քմ լայնքով: Մինչ Նեթանիահու ցարդ կը մերժէ զինադուլի բոլոր առաջարկները` լիբանանեան «խաղաքարտը» յաղթական պահելու ձեռքին, որպէսզի յառաջիկայ ընտրութիւններուն հիւսիսային շրջանի իր բնակեցման վայրերու բնակիչներուն (չըսելու համար ընտրողներուն) կարենայ յայտարարել, թէ ինք ապահոված է անոնց կեցութիւնը շրջանին մէջ` արգելակիչ գօտիի հաստատումով եւ Հըզպալլան ապազինելով: Իրենց կարգին, Միացեալ Նահանգներ Լիբանանէն պահանջեցին փութացնել Հըզպալլայի ապազինումը` նորանոր զոհերու եւ աւերներու առաջքն առնելու համար:
Զինադուլի Առաջարկներ Եւ
Քուլիսային Շփումներ
Պատերազմական օրըստօրէ սաստկացող մթնոլորտին մէջ պատկան կողմեր լծուեցան տագնապի լուծման գործնական քայլերու փնտռտուքին: Այս ծիրին մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աունի առաջադրած զինադուլի շուրջ բանակցութեան ծրագիրը կը սպասէ հակադիր կողմի պատասխանին: Այն միջոցին, երբ նախնական տեղեկութիւններու համաձայն Իսրայէլ մերժած էր նոյնիսկ քննել նախագահ Աունի առաջարկը` «այլեւս ուշ է» ըսելով, հաւաստի այլ աղբիւրներ նշեցին, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն Լիբանանի առաջարկը:
Սպասելով Լիբանանի նախագահին յղած առաջարկի պատասխանին` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նոյնպէս զինադուլի անջատ լուծման ծրագիր ներկայացուցած է պատկան կողմերուն` նախ եւ առաջ պահանջելով Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի կողմէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը:
Նոյն ծիրին մէջ, լրատուական իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, եւրոպական երկու պետութիւններ քուլիսային շփումներու ձեռնարկած են` կապ հաստատելու համար Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ, տագնապի լուծման առաջադրանքով:
Նմանապէս կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մօտերս (շատ հաւանաբար վաղը` ուրբաթ) Լիբանան կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին իր կարգին զինադուլի թէ տագնապի լուծման ծրագիրի առաջարկ ներկայացնէ պատկան կողմերուն:
Նաեւ` Ապրուստի Կենցաղային Եւ
Ընկերային Հարցերու Ծիրին Մէջ
Լիբանանեան ճիգերը շարունակուեցան նաեւ ժողովրդային տարրական կարիքներու` ապրուստի, կենցաղային թէ ընկերային առումով: Այս գծով պատկան կողմերու դիմումներուն ընդառաջելով երէկ Լիբանան հասան Յորդանանի եւ Ֆրանսայի կողմէ տրամադրուած նպաստի առաջին օժանդակութիւնը: Իմացուեցաւ, թէ գալիք օրերուն օժանդակութեան նոր բաժիններ պիտի հասնին Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան կողքին նաեւ Եգիպտոսէն:
Այս գծով նախագահ Աուն հարաւային Լիբանանի խորհուրդի նախագահ Հաշեմ Հայտարի հետ քննարկեց հարաւի բնակչութեան եւ թիրախաւորուած վայրերու հոգածութեան գծով տարուող ճիգերու մանրամասնութիւնները: Նախագահ Աուն նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր ղրկած օժանդակութեան համար:
Մինչ այդ, իսրայէլեան անօդաչու սարքեր շարունակեցին շրջիլ Պէյրութի, յատկապէս Հարաւային արուարձաններու եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ: Մինչեւ երէկ երեկոյեան ժամը ինը արդէն իսկ երեք ազդարարութիւն տուած ըլլալով, երկու ուժգին հրթիռային յարձակման պայթումներ ցնցեցին Հարաւային արուարձաններու յատկապէս Հատաս, Լայլաքի եւ Պըրժ Պարաժնէ շրջանները: Նշենք, որ Հարաւային արուարձանները երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հինգ անգամ ռմբակոծուած էին: Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ հիմնականին մէջ թիրախաւորուեցան Սուրի եւ մերձակայ շրջանները: