Լիբանանեան Կարճ Լուրեր – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ զինուորական դատարանին առջեւ բողոքի հաւաք մը տեղի ունեցաւ` ընդդէմ Հըզպալլայի երկու անդամներու ձերբակալման: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուած հանդիպումները նախագահ Աունի հրաւէրով տեղի ունեցան շարք մը պատճառներով: Ան է, որ Ժոմպլաթը հրաւիրեց նախագահական պալատ այցելելու, եւ երկու շաբթուընէ ի վեր կը փորձէ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ հանդիպում դասաւորել»: . … Read more

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին. «Ոչ Մէկ Ճիգ Պէտք Է Խնայել Կասեցնելու Յարձակումը» Յակոբ Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան 25 մարտին այցելեցին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին։ Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ նախագահին կ՛այցելեն այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք նուազագոյնը կարելի է որակել իբրեւ աննախընթաց ու արտակարգ։ «Արտակարգ՝ իրենց սարսափներով, արհաւիրքներով, դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով։ Նման պայմաններու … Read more

Պաապտայի Պալատին Մէջ. Աուն – Պըրրի Եւ Աուն – Սալամ Հանդիպումներ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նախագահ Աուն խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութիւնը: Երկու կողմերը կանգ առած են իսրայէլեան մագլցումին եւ հարաւը Լիբանանի մնացեալ շրջաններուն կապող կամուրջներու թիրախաւորման ու անկէ բխող հետեւանքներուն … Read more

Սմոթրիչ. «Լիբանանի Եւ Մեր Միջեւ Սահմանը Պէտք Է Լիթանի Գետը Ըլլայ»

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցելել Սմոթրիչ երէկ յայտարարեց. «Լիբանանի եւ մեր միջեւ սահմանը պէտք է Լիթանի գետը ըլլայ»: «Ինչպէս Կազայի 55 առ հարիւրին կը տիրենք, պէտք է նոյնը Լիբանանի մէջ ընենք», նշեց Սմոթրիչ: «Այս պատերազմը պիտի աւարտի փայլուն յաղթանակով, երբ ո՛չ իրանեան թշնամական վարչակարգը մնայ, ո՛չ ալ Հըզպալլան», յայտնեց Սմոթրիչ: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր … Read more

Սալամ. «Տապալեցինք Իսրայէլի Հետ «Բանակցութիւններու Արգելք» Հայեցակարգը, Եւ Հըզպալլայի Սպառնալիքները Մեզ Չեն Վախցներ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կիրակի գիշեր «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պատերազմը Լիբանանին պարտադրուեցաւ, եւ անիկա մեր ընտրանքը չէ»` աւելցնելով. «Մեզ պատերազմին մէջ մտցնողէն խնդրեցինք, որ անգամ մը եւս արկածախնդրութեան դիմելէ առաջ ողջախոհ ըլլայ»: «Հըզպալլայի արձակած 6 հրթիռներէն իւրաքանչիւրին գինը 10 հազար լիբանանցի տեղահանուած էր», նշեց ան` աւելցնելով. «Հըզպալլայի հրթիռները իր բազմաթիւ վնասներուն կողքին … Read more

Ֆրանսան Պատրաստ Է Օգնելու Մագլցումին Վերջ Տալու

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրոն, որ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է զինուորական մագլցումին վերջ տալու` առաջարկներու ճամբով, որոնք կը քննարկուին առնչակից կողմերուն կողմէ` մեկնելով նախագահ Աունին նախաձեռնած բանակցային նախաձեռնութենէն, որ ֆրանսացի նախարարը որակեց «քաջարի» եւ միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը վայելող, որովհետեւ կ՛արտայայտէ կամքը հաստատելու … Read more

Ռիատի Նախարարաց Ժողովը Դատապարտեց Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը

Ազրպէյճանի, Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քուէյթի, Լիբանանի, Փաքիստանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները չորեքշաբթի գիշեր Ռիատի մէջ գումարեցին իրանեան յարձակումներուն շուրջ նախարարական խորհրդակցական հանդիպում մը: Նախարարները իրենց հանդիպումի աւարտին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «իրենց դատապարտումն ու մերժումը արտայայտեցին թեւաւոր հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով իրանեան այս դիտաւորեալ յարձակումներուն, որոնք … Read more

Քաց. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Հըզպալլայի Դէմ Բոլոր Մակարդակներուն Վրայ Գործնական Քայլեր Որդեգրէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Լիթանի գետին վրայ «Հըզպալլայի կողմէ զէնքի մաքսանենգման համար օգտագործուող երկու յաւելեալ կամուրջներու քանդումը յայտարարելով նշեց. «Ասիկա լիբանանեան կառավարութեան պատգամ է. Հըզպալլային պիտի չարտօնենք լիբանանեան պետութեան ենթակառոյցները օգտագործել»: «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է Հըզպալլայի դէմ բոլոր մակարդակներուն վրայ գործնական քայլեր որդեգրէ», աւելցուց Քաց: Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը յարձակումներ շղթայազերծելով թիրախաւորեց Սուրիոյ … Read more

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը: Քննարկուեցաւ նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ երկրին ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար լիբանանեան զանազան շրջաններուն վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներէն ետք: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր գնահատանքը յայտնեց ներկայ զգայուն փուլին հանրապետութեան նախագահին ունեցած դերակատարութեան` վերահաստատելով լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը երկրին փրկութեան աշխատանքներուն:  

Ռաժժի. «Կառավարութիւնը Իր Յոյսը Կը Կապէ Աունի Նախաձեռնութեան Արաբական Եւ Միջազգային Աջակցութեան»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Ռիատի մէջ արաբական եւ իսլամական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այսօր ժողով կը գումարենք վճռորոշ պահու մը, որ կը պահանջէ խօսքի յստակութիւն, դիրքորոշման համարձակութիւն եւ մեր ժողովուրդներու անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու պատմական պատասխանատուութիւն: Մենք այսօր ժողով կը գումարենք ցնցուած … Read more