Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը: Քննարկուեցաւ նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ երկրին ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար լիբանանեան զանազան շրջաններուն վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներէն ետք:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր գնահատանքը յայտնեց ներկայ զգայուն փուլին հանրապետութեան նախագահին ունեցած դերակատարութեան` վերահաստատելով լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը երկրին փրկութեան աշխատանքներուն:

 

Leave a Comment