Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրոն, որ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է զինուորական մագլցումին վերջ տալու` առաջարկներու ճամբով, որոնք կը քննարկուին առնչակից կողմերուն կողմէ` մեկնելով նախագահ Աունին նախաձեռնած բանակցային նախաձեռնութենէն, որ ֆրանսացի նախարարը որակեց «քաջարի» եւ միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը վայելող, որովհետեւ կ՛արտայայտէ կամքը հաստատելու հզօր պետութիւն մը, որ կը մերժէ ներքաշուիլ պատերազմի մէջ, որ ինք չէ սկսած:
Նախագահ Աուն իր կարգին նշեց, որ իր յայտարարած բանակցային նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է, սակայն զինուորական մագլցումը անոր մեկնարկը կը խանգարէ, ինչ որ կ՛ենթադրէ թշնամական արարքներու դադրեցում` բանակցութեան յարմար մթնոլորտ ստեղծելու համար, բան մը, որ ներկայիս ապահովուած չէ:
