Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Ռիատի մէջ արաբական եւ իսլամական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այսօր ժողով կը գումարենք վճռորոշ պահու մը, որ կը պահանջէ խօսքի յստակութիւն, դիրքորոշման համարձակութիւն եւ մեր ժողովուրդներու անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու պատմական պատասխանատուութիւն: Մենք այսօր ժողով կը գումարենք ցնցուած վիճակի մէջ Իրանի կողմէ Ծոցի երկիրներու, Յորդանանի, Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վրայ անսանձ յարձակումներէն, որոնք կը փորձեն խլել այդ երկիրներու անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, եւ զանոնք փոխարինել իր պատեհապաշտական նպատակներուն համար»:
«Այս յարձակումներուն մէջ ամէնէն վտանգաւոր իրողութիւնը այն է, որ անոնք ուղղուած են պետութիւններու դէմ, որոնք Իրանի հետ միայն հանդարտեցման գործելաոճ որդեգրեցին: Պետութիւններ, որոնք միշտ ալ բարի դրացնութեան քաղաքականութիւն վարեցին, գործակցութեան կամուրջներ կառուցեցին եւ աշխատանք տարին շրջանը հակամարտութիւններու մէջ ներքաշուելէն զանց կացուցելու համար: Իրանը մեր շրջանին ի՞նչ պատգամ կը յղէ, երբ չափաւորականութիւնը յարձակումով կը վարձատրէ», հարց տուաւ Ռաժժի:
«Իրանեան վարչակարգի թշնամական քաղաքականութիւնը Իրանը վերածեց մեկուսացուած պետութեան մը, որ առանձին կը կանգնի աշխարհի ճամբու եզրին: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 11 մարտ 2026-ին հրապարակեց թիւ 2817 (2026) որոշումը, որ դատապարտեց Ծոցի եւ Յորդանանի մէջ բնակելի շրջաններուն ու քաղաքային ենթակառոյցներուն վրայ Իրանի յարձակումները եւ զանոնք նկատեց միջազգային օրէնքի ոտնակոխում եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնալիք, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Հորմուզի նեղուցին փակումն ու միջազգային նաւարկման խոչընդոտումը», ըսաւ լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան վերյիշեցուց Արաբական լիկայի նախարարական մակարդակով խորհուրդի 8 մարտ 2026-ի որոշումը, որ հաւաքական շահերու պաշտպանութիւնը ընդգծեց, արաբական հաւաքական շահերու պաշտպանութիւնը շեշտեց եւ յիշեցուց Արաբական լիկայի կանոնադրութիւնն ու արաբական միացեալ պաշտպանութեան դաշնագիրը, ըստ որուն Արաբական լիկայի անդամներէն որեւէ մէկուն վրայ յարձակումը անդամ բոլոր պետութիւններուն դէմ յարձակում է:
Ան նաեւ յիշեցուց 5 մարտ 2026-ին Նիւ Եորքի մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովէն բխած որոշումը, որ կը մերժէր դրացի երկիրներուն վրայ յարձակումներուն վերաբերեալ իրանեան բոլոր արդարացումները:
«Ծոցի երկիրներուն վրայ յարձակումներուն զուգահեռ, Իրանը, եւ Հըզպալլային ուղղուած իր ցուցմունքով, Լիբանանը ներքաշած է պատերազմի մը մէջ, որ ան չէ ընտրած: Բայց եւ այնպէս, Լիբանանի կառավարութիւնը կը շարունակէ վճռակամ աշխատանք տանիլ Լիբանանը իրանեան ազդեցութեան ճիրաններէն ազատելու: Անիկա որդեգրած է շարք մը որոշումներ եւ կը շարունակէ անոնց գործադրութիւնը, եւ անոնցմէ պիտի չնահանջէ», նշեց Ռաժժի:
Ան յիշեցուց 5 օգոստոս 2025-ին զէնքի մենաշնորհման եւ 2 մարտ 2026-ին Հըզպալլայի ապահովական եւ զինուորական գործունէութիւնը արգիլող ու ապօրինի նկատող որոշումները, 5 մարտին ապահովական ուժերուն Լիբանանի մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներու ներկայութեան շուրջ հետաքննութիւն կատարելու եւ զանոնք անմիջապէս արտաքսելու որոշումը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի 16 մարտ 2026-ի որոշումով լիբանանեան պաշտօնական լրատուութենէն «Դիմադրութիւն» եզրի ջնջման որոշումները:
«Մինչ լիբանանեան կառավարութիւնը աշխատանք կը տանէր լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր իշխանութիւնը տարածելու, 2 մարտին Հըզպալլայի Իսրայէլի վրայ հրթիռներ արձակելու արկածախնդրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Իսրայէլ յարձակումներ եւ լիբանանեան հողերու մէջ յաւելեալ ներթափանցումներ կատարէ, հարիւրաւոր զոհեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ արձանագրուին, եւ աւելի քան մէկ միլիոն լիբանանցիներ տեղահանուին, ինչ որ վատթարացուց չափազանց վտանգաւոր մարդասիրական կացութիւնը», շեշտեց Ռաժժի:
«Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդին եւ ազդու պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ Իսրայէլին ստիպել գործադրելու թիւ 1701 (2006) եւ նոյեմբեր 2024-ի թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջ տալու լիբանանեան գերիշխանութեան իր իրերայաջորդ խախտումներուն եւ ամբողջովին հեռանալու միջազգային ճանչցուած սահմաններէն ետ», աւելցուց ան:
«Լիբանան, որ երկար ատեն տառապեցաւ պատերազմի արհաւիրքներէն, կառչած կը մնայ խաղաղութեան ընտրանքին եւ կը ջանայ իր ժողովուրդին յաւելեալ ողբերգութիւններ խնայել: Եւ կը հաստատէ, որ հակամարտութիւններու լուծման եւ յաւելեալ մագլցումէն խուսափելու համար բանակցութեան եւ դիւանագիտական լուծումներու այլընտրանք չկայ:
«Հանրապետութեան նախագահը Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցային հոլովոյթի դիմելու նախաձեռնութեան մեկնարկը տուաւ` կայունութեան հաստատման, հակամարտութեան վերջ տալու եւ հասնելու տեւական լուծումներու, որոնք կը պահպանեն Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անոր շահերը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան, կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման կը յանգեցնեն», յայտնեց ան:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց. «Լիբանան իր յոյսը կը դնէ արաբական եւ միջազգային զօրակցութեան եւ այս նախաձեռնութեան աջակցութեան վրայ` ընդգծելով այս կարեւոր փուլին մէջ Լիբանանի բանակին եւ զինեալ ուժերուն աջակցութեան ցուցաբերման արագացման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան կատարել իրենց պարտականութիւնները եւ խաղալ իրենց դերը անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ իրականացման գործին մէջ թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերուն, որոնց կարեւորագոյնները զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը եւ անոր իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութեան տարածումն են, որովհետեւ Լիբանանի կայունութիւնը շրջանի կայունութեան անբաժանելի մասն է»: