Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցելել Սմոթրիչ երէկ յայտարարեց. «Լիբանանի եւ մեր միջեւ սահմանը պէտք է Լիթանի գետը ըլլայ»:
«Ինչպէս Կազայի 55 առ հարիւրին կը տիրենք, պէտք է նոյնը Լիբանանի մէջ ընենք», նշեց Սմոթրիչ:
«Այս պատերազմը պիտի աւարտի փայլուն յաղթանակով, երբ ո՛չ իրանեան թշնամական վարչակարգը մնայ, ո՛չ ալ Հըզպալլան», յայտնեց Սմոթրիչ:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց, որ Հըզպալլայի դէմ ճակատամարտը սկսաւ, եւ Իրանի հետ պատերազմի աւարտէն ետք այդ կուսակցութիւնը առանձին ու մեկուսացուած պիտի մնայ:
«Հըզպալլայի դէմ պատերազմը երկարատեւ է, եւ մենք անոր պատրաստ ենք», յայտարարեց Զամիր:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը նաեւ նշեց. «Մենք պատրաստ ենք Հըզպալլայի դէմ յարձակումները աշխուժացնելու, եւ կանգ պիտի չառնենք, մինչեւ սպառնալիքի վերացումը: Շաբաթ օր հաւանութիւն տուի Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւնները խորացնելու»:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Մարքապա գիւղին մէջ բուռն բախումներ յառաջացած են, երբ իսրայէլեան «Մերքաւա» հրասայլեր հրետանիով ռմբակոծումի եւ կրակոցներու ծածկոյթին տակ դէպի յառաջ շարժած են:
Հըզպալլա յայտարարեց, որ թիրախաւորած է Մանարան, Մթըլլէ դիրքը, ինչպէս նաեւ Ալմա Շաապ եւ Եարուն գիւղերուն դիմաց հաւաքուած իսրայէլեան ուժերն ու իսրայէլեան բանակի Աւիւիմ զօրանոցը:
Հըզպալլա նաեւ հարուածեց Մարքապա գիւղին դիմաց Մարժ դիրքին մօտ գտնուող իսրայէլեան հրետանիներու դիրքը:
Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Արզի-Պըրժ Ռահհալ կամուրջին վրայ, ինչպէս նաեւ Քասիմիէ կամուրջին զուգահեռ ճամբուն, Այն Ապու Ապտալլայի եւ Մըթրիէի միջեւ գտնուող շրջանին վրայ:
Իսրայէլեան օդային յարձակումի հետեւանքով Պըրժ Ռահհալի մէջ կտրուեցաւ Սայտա-Սուր մայրուղին:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Սուրիոյ, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ գործած «Հաշմոնայիմ» զօրամասի ուժերը այժմ Լիբանանի մէջ կը գործեն:
Ըստ իսրայէլեան «Ուալա» կայքին, Հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան սկիզբէն ի վեր իսրայէլացի 48 զինուորներ վիրաւորուած են:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք Հազմիէի մէջ բնակարան մը հարուածեց: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախնական տուեալներով արձանագրուած է զոհ մը:
Իսրայէլեան բանակը նախքան այդ յայտնեց. «Քիչ առաջ Պէյրութի մէջ (Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի) «Քուտս» զօրամասի մէկ անդամը թիրախաւորեցինք»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, ան Սատեք Քուրանին է, որ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյց մը կը ղեկավարէր:
Իսրայէլեան բանակը երէկ երեկոյեան Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու 7 շրջաններու բնակիչները դարձեալ զգուշացուց, որ պէտք է շտապ կերպով զանոնք դատարկեն, ապա շրջանին վրայ յարձակումներ շղթայազերծեց: