Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նախագահ Աուն խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութիւնը:
Երկու կողմերը կանգ առած են իսրայէլեան մագլցումին եւ հարաւը Լիբանանի մնացեալ շրջաններուն կապող կամուրջներու թիրախաւորման ու անկէ բխող հետեւանքներուն վրայ:
Աուն եւ Պըրրի անդրադարձան երկրի հարաւէն շուրջ մէկ միլիոն քաղաքացիներու տեղահանութենէն յառաջացած ընկերային եւ մարդասիրական դժուար կացութիւններուն:
Երկու ղեկավարները բարձր գնահատած են տեղահանուածներուն նկատմամբ ժողովրդային ընդունելութիւնը եւ պետական հաստատութիւններուն ու մարդասիրական եւ ընկերային կառոյցներուն ապահոված հսկողութիւնը:
Անոնք շեշտած են ներկայ նուրբ կացութեան մէջ լիբանանցիներուն միջեւ ազգային միասնականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը պահպանելու քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ չազդուելու տարաձայնութիւններէն, զորս կը տարածեն կողմեր, որոնք Լիբանանի բարիքը չեն ուզեր, մանաւանդ որ անցեալի ծանր փորձառութիւններու, մասնաւորաբար քաղաքացիական պատերազմին վերադառնալու մերժման շուրջ ազգային միաձայնութիւն գոյութիւն ունի:
Պըրրի Պաապտայի պալատէն հեռանալու ընթացքին նշեց. «Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեան մեր միտքը կրնայ հանգիստ մնալ»:
«Կացութեան տարբեր կողմերու գնահատում կատարուեցաւ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահին հետ:
Նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Աուն Սալամի հետ անդրադարձած է ներկայ կացութեան տարբեր երեսներուն, մասնաւորաբար շարունակուող իսրայէլեան մագլցումին, կամուրջներու ռմբակոծման եւ Լիթանիի շրջանը լիբանանեան մնացեալ շրջաններէն մեկուսացման:
Հանդիպումի ընթացքին նախագահը ծանօթացած է տեղահանուածներու հոգատարութեան համար, զանոնք պատսպարելու համար պատսպարման կեդրոններու ապահովման եւ անոնց կարիքներու բաւարարման համար կառավարութեան որդեգրած քայլերուն:
Աուն եւ Սալամ համաձայնած են ամրապնդելու մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ անվտանգութիւնը:
Վարչապետը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ես նախագահին հետ առօրեայ կապի մէջ եմ, եւ բոլորս աշխատանք կը տանինք կարելի եղածին չափ շուտ պատերազմի դադրեցման համար»: