Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կիրակի գիշեր «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պատերազմը Լիբանանին պարտադրուեցաւ, եւ անիկա մեր ընտրանքը չէ»` աւելցնելով. «Մեզ պատերազմին մէջ մտցնողէն խնդրեցինք, որ անգամ մը եւս արկածախնդրութեան դիմելէ առաջ ողջախոհ ըլլայ»:
«Հըզպալլայի արձակած 6 հրթիռներէն իւրաքանչիւրին գինը 10 հազար լիբանանցի տեղահանուած էր», նշեց ան` աւելցնելով. «Հըզպալլայի հրթիռները իր բազմաթիւ վնասներուն կողքին վտանգեցին կառավարութեան հաւաստիութիւնը»:
«Կառավարութիւնը տեղահանուածներուն նկատմամբ թերացումով ամբաստանելուն նպատակը Հըզպալլայի հարցէն ուշադրութիւն շեղելն է: Հըզպալլայի սպառնալուն նպատակը մեր ապրածին պատճառներուն մասին մեր հարցում հարցնելը արգիլելն է: Հըզպալլայի սպառնալիքները մեզ պիտի չվախցնեն: Զէնքի մենաշնորհման որոշումներէն ետդարձ չկայ: Թիկունք կանգնելու պատերազմի գինէն ետք, զէնքի մենաշնորհումը այսօր աւելի հրամայական դարձաւ»:
«Տապալեցինք Իսրայէլի հետ «բանակցութեան արգելք»-ի հայեցակարգը», ըսաւ վարչապետը` նշելով. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տակաւին բանակցութիւններու օրակարգը չկայ, եւ Իսրայէլի հետ բանակցութեան նախաձեռնութիւնը տակաւին մեր կողմէ ի զօրու է»:
Միւս կողմէ, Սալամ յայտնեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ որեւէ պոռոց-կանչոց չեղաւ: Ան յայտարարեց, որ ինք բանակի հրամանատարին ըսած է, թէ կառավարութիւնը կը մերժէ Հըզպալլայի շանթաժին դիմաց ընկրկիլ` ընդգծելով, որ ինք Հըզպալլայի հետ բախումի կոչ չ՛ուղղեր, սակայն անոր շանթաժին առջեւ տեղի տալը չ՛ընդունիր:
«Աշխատանք կը տանինք Իսրայէլի հետ բանակցելու համար ազգային միախմբութեան պատուիրակութիւն մը կազմելու»` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւներուն նպատակը զինադադարն ու Իսրայէլի Լիբանանէն հեռանալն է:
«Մեզ պատերազմի մէջ ներքաշողին նպատակը Իրանի նախկին գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիին վրէժը լուծելն է», ընդգծեց ան` նշելով. «Խամենէիին վրէժը լուծելը լիբանանցիներուն պարտականութիւնը չէ»:
«Յեղափոխական պահակագունդը Լիբանանի մէջ ներկայ է եւ զինուորական գործողութիւնները կը ղեկավարէ», ըսաւ Սալամ` նշելով. «Լիբանանէն Կիպրոս անօդաչու թռչող սարքեր արձակողը Յեղափոխական պահակագունդն է»:
«Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ ապօրինի կերպով կը բնակին Լիբանանի մէջ», նշեց ան` աւելցնելով, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Լիբանանէն դուրս բերելու որոշումը գործադրութեան ընթացքին մէջ է:
«Յեղափոխական պահակագունդի անդամները Լիբանանի մէջ կեղծուած անձնագիրներով կը բնակին», ըսաւ ան:
«Չենք կրնար ընդունիլ Լիբանանը իբրեւ արաբական պետութիւններուն վնաս հասցնելու հարթակ անգամ մը եւս օգտագործելը», յայտնեց վարչապետը` նշելով. «Լիբանանեան պետութիւնը Ռիատի ժողովին ընթացքին դատապարտեց Հըզպալլայի` արաբական պետութիւններուն մէջ գործող բջիջները»:
«Մինչեւ հիմա նախարարական փոփոխութիւններու քննարկում չկայ», ըսաւ Սալամ` շեշտելով. «Կառչած եմ բոլոր նախարարներուն եւ չեմ ուզեր անոնցմէ ոեւէ մէկը փոխարինել»: