Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը, որուն սկիզբը ժողովի մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին չորեքշաբթի օր իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն յիշատակը:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք գերիշխան ու գոյութիւն ունեցող պետութիւն ենք, պետութիւնն է, որ բանակցութիւններ կը վարէ, եւ չենք ընդունիր, որ մեզմէ բացի ոեւէ մէկը բանակցի»:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ժողովէն ետք յայտարարեց. «Բանակէն եւ ապահովական մարմիններէն պահանջեցինք Պէյրութի նահանգին մէջ պետութեան իշխանութիւնը ամրապնդել եւ այնտեղ զէնքի մենաշնորհում կատարել»:
«Որոշեցինք Ապահովութեան խորհուրդին շտապ բողոք ներկայացնել Իսրայէլի դէմ` անոր Լիբանանի վրայ կատարած յարձակումներուն պատճառով», նշեց Սալամ:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս իր կարգին յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը Իսրայէլի վտանգաւոր մագլցումէն ետք որոշած է Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնել:
Ան յայտարարեց, որ նախնական տուեալներով, չորեքշաբթի օր Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով 203 զոհեր եւ 1078 վիրաւորներ արձանագրուած են:
«Կը պնդենք, որ բանակցութիւններուն մէջ նախաձեռնութիւնը պէտք է պետութիւնը ստանձնէ, որովհետեւ անիկա գոյութիւն ունի, կարող է, բանակցելու կարելիութիւններ եւ ներուժ ունի, եւ մենք այսօր մեր բարեկամներուն հետ հաղորդակցութիւններ կը կատարենք, զինադադար եւ բանակցութիւններ կը պահանջենք», ըսաւ Մըրքոս:
Տեղեկատուութեան նախարարը նաեւ նշեց, որ զէնքին պետութեան մենաշնորհը ըլլալը մայրաքաղաքին վրայ անոր ամբողջական վերահսկողութեան պարտադրման նախապայման է: