Երէկ` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2026-ին, Պէյրութի «Ֆինիսիա» պանդոկին մէջ Պէյրութի երեսփոխաններ գումարեցին ընդլայնուած համագումար մը` մասնակցութեամբ մայրաքաղաքէն անձնաւորութիւններու եւ հեղինակութիւններու: Համագումարի ընթացքին ներկաները քննարկեցին Լիբանանի վկայած վտանգաւոր իրադարձութիւնները եւ մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումները:
«Պէյրութը ապահով եւ զէնքէ զուրկ» խորագիրով համագումարին ընթացքին ներկաները ողջունեցին հանրապետութեան նախագահի եւ կառավարութեան կեցուածքները:
Անոնք դատապարտեցին լիբանանեան հողերուն վրայ կատարուած եւ մինչեւ մայրաքաղաք Պէյրութը ընդգրկած իսրայէլեան յարձակումները, որոնք հարիւրաւոր քաղաքային զոհեր խլեցին: Անոնք նաեւ ընդգծեցին իրենց մերժումը Լիբանանը ներքաշելու պատերազմի մը մէջ, որուն հետ կապ չունի ան: Անոնք նաեւ պահանջեցին պետութեան գերիշխանութիւնը հաստատել երկրին բոլոր հողերուն վրայ` լիբանանեան սահմանադրութեան եւ միջազգային որոշումներուն համաձայն: