Զինադադարին Մէջ Լիբանանի Ներառման Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութիւն

Իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ օր կէս գիշերէն ետք յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Շիահ շրջանին վրայ` աւերելով Ապտելքարիմ Խալիլ թաղին մէջ երեք շէնքեր:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ նաեւ յարձակումներու շարք մը գործեց Քաֆրա, Ժումժումիէ, Սաֆատել Պաթթիխ, Մաժտալ Սըլմ, Տէյր Անթար գիւղերուն եւ Քասիմիէ կամուրջին մերձակայքին վրայ, մինչ հրետանին ռմբակոծեց Հարիս գիւղը:

Ապպասիէ գիւղին վրայ օդային յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 7 զոհեր եւ 4 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Նապաթիէ գաւառի Մայֆատուն եւ Շուքին գիւղերուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ:

Մինչ այդ, ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ամերիկայի եւ Իսրայէլի միջեւ Լիբանանի եւ Իրանի ճակատները իրարմէ անջատելու փոխհասկացողութիւններ գոյացան»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Սպիտակ տունը ներկայիս մտահոգ չէ, որ Լիբանանի կացութիւնը Իրանի հետ զինադադարի տապալման յանգեցնէ»:

«Աքսիոս» նաեւ նշեց. «Սպիտակ տան բանբերը կը հաստատէ, որ Լիբանանը ներառուած չէ Իրանի հետ զինադադարի համաձայնութեան մէջ»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնեց Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի եւ բարձր գնահատեց անոր կատարած ջանքերը, որոնք զինադադարի հաստատման յանգեցան:

Սալամ Փաքիստանի վարչապետէն խնդրեց հաստատել, որ զինադադարը պէտք է Լիբանանը ներառէ` արգիլելու համար չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած իսրայէլեան յարձակումներու կրկնութիւնը:

Փաքիստանի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց. «Լիբանանի վարչապետը Իսլամապատի աջակցութիւնը խնդրեց Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը թիրախաւորող յարձակումներու անմիջական դադրեցման համար»:

Քաթարի Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը հեռաձայնեց Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Լիբանանի` զինադադարի համաձայնութեան մէջ ներառման օգնելու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես զգուշացուց, որ Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան «մեծ վտանգ» կը ներկայացնեն: Այս մասին յայտնեց Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

«Լիբանանի մէջ շարունակուող զինուորական գործողութիւնը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ շրջանին մէջ տեւական ու համապարփակ խաղաղութիւն հաստատելու համար թափուող ջանքերուն: Ընդհանուր քարտուղարը կը վերահաստատէ բոլոր կողմերուն ուղղուած իր կոչը` անմիջապէս դադրեցնելու թշնամական արարքները», ըսաւ Տիւժարիք:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները եւ միջազգային օրէնքին իսրայէլեան խախտումները դադրեցնելու համար միջազգային շտապ քայլ մը առնելու կոչ ուղղեց:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ բուռն կերպով դատապարտեց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումները` զանոնք որակելով «անընդունելի»:

Ան շեշտեց, որ որեւէ զինադադարի համաձայնութիւն պէտք է Լիբանանը ներառէ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր շեշտեց. «Լիբանանը պէտք է ներառել (Միացեալ Նահանգներ-Իրան) զինադադարի համաձայնութեան մէջ»:

Ան նաեւ նշեց, որ Հորմուզի նեղուցէն անցքը պէտք է ձրի ըլլայ:

Աւստրալիոյ վարչապետ Անթոնի Ալպանեզ յայտարարեց. «Կը հաւատանք, թէ զինադադարը պէտք է նաեւ Լիբանանի մէջ կիրարկուի»:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումներուն շարունակութիւնը եւ զգուշացուց, որ անոնք վտանգաւոր մագլցում են եւ կ՛ականահարեն շրջանին մէջ մագլցումը զսպելու ու խաղաղութիւն հաստատելու միջազգային ջանքերը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ շեշտեց. «Պէտք չէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովութիւնը ոտնահարել: Պէտք է երաշխաւորել քաղաքայիններու կեանքերուն եւ սեփականութիւններուն անվտանգութիւնը»:

Ան ըսաւ, որ Փեքին ինքնազսպումի եւ «շրջանին մէջ կացութիւնը հանդարտեցնելու» կոչ կ՛ուղղէ:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես երէկ շեշտեց. «Իսրայէլ երէկ Լիբանանի վրայ օդային յարձակումներ շղթայազերծելով խախտեց զինադադարը եւ խախտեց միջազգային օրէնքը»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք Հըզպալլան հարուածել ամէն տեղ, ուր անհրաժեշտ է, մինչեւ որ հիւսիսի բնակչութեան ամբողջական անվտանգութիւնը վերականգնենք»:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ վերջին շաբթուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ անկարգելաւորներու զօրամասի գործողութիւնները ընդլայնուած են: Ըստ իսրայէլեան բանակին, իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի տասնեակներով անդամներ սպաննած են եւ զէնքի պահեստանոցներ գտած:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ նշեց. «Անկարգելաւորներու զօրամասը հարաւային Լիբանանի մէջ մարտական վերահսկողութիւն հաստատեց եւ կը շարունակէ Հըզպալլայի ենթակառոյցները թիրախաւորել»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը չորեքշաբթի օր Պէյրութի մէջ օդային յարձակումներ կատարելով ահաբեկած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի անձնական քարտուղար Ալի Եուսեֆ Հըրշին ու ընդհանուր քարտուղարի եղբօրը տղան:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի «Լիբանանի մէջ բարբարոսական ոճիրներ» գործողներուն «խիստ եւ զղջումի մղող պատիժ»-է մը զգուշացուց:

Հըզպալլա երէկ քանի մը անգամ հրթիռակոծեց իսրայէլեան Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը:

Հըզպալլա առաւօտեան ժամը 8:42-ին Թիպէ գիւղին մէջ հեռաղեկավարուող հրթիռով ուղղակի հարուած հասցուց «Նամիրա» մեքենայի մը, իսկ 8:45-ին քամիքազ անօդաչու թռչող սարքով հարուածեց Թիպէի մէկ բնակարանին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժ մը:

Հըզպալլա աւելի ուշ յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ զինադադարի խախտման հակադարձելով հրթիռակոծած է Քիրիաթ Շմոնա, Աւիւիմ, Եսոտ եւ Համհալա բնակեցման վայրերը` նշելով, որ այս հակադարձութիւնը պիտի շարունակուի, «մինչեւ մեր երկիրին ու ժողովուրդին վրայ իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումի դադրեցումը»:

Պաղայի. «Շրջանին Մէջ Որեւէ Խաղաղութիւն Պէտք Է Լիբանանը Ներառէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Իրանի պատուիրակութիւնը Իսլամապատ պիտի մեկնի, սակայն բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի միայն այն պարագային, երբ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ իր բոլոր յարձակումները դադրեցնէ:

Պաղայի «Այ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Շրջանին մէջ որեւէ խաղաղութիւն պէտք է Լիբանանը ներառէ, եւ յառաջիկայ ժամերը վճռորոշ պիտի ըլլան իմանալու համար, եթէ Իսրայէլի սանձարձակութիւնը կարելի է զսպել»:

«Իրան երէկ գիշեր հակադարձելու եզրին էր, սակայն ետ կանգնեցաւ դիւանագիտութեան յաւելեալ առիթ ընծայելու համար», աւելցուց ան:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան իր կարգին երէկ նշեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակութիւնը բանակցութիւնները պիտի դարձնէ անիմաստ: Իրան երբեք իր լիբանանցի եղբայրներն ու քոյրերը պիտի չլքէ»:

«Լիբանանի վրայ իրերայաջորդ սիոնական յարձակումները զինադադարի նախնական համաձայնութեան բացայայտ խախտում են եւ խաբէութեան ու հաւանական համաձայնութիւններու յանձնառու չըլլալու վտանգաւոր ցուցանիշ են», նշեց Փեզեշքիան:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց. «Լիբանանն ու Դիմադրութեան ամբողջ առանցքը, իբրեւ Իրանի դաշնակիցներ, զինադադարին անբաժանելի մասն են»:

«Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ հրապարակաւ ու թափանցիկ կերպով հաստատեց Լիբանանի խնդիրը, եւ զայն կարելի չէ ծածկել», ըսաւ ան:

«Կրակոցը դադրեցուցէ՛ք, որովհետեւ զինադադարի խախտումը ծանր հետեւանքներ եւ ուժեղ հակազդեցութիւններ ունի», աւելցուց Քալիպաֆ:

 

 

Leave a Comment