Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն անհրաժեշտ նկատեց, որ բոլորը յարգեն զինադադարը, եւ անիկա Լիբանանը ներառէ:
Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ, եւ առանց պայմաններու, սահմանափակումներու կամ տուրքերու, վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը:
«Պէտք է բանակցութիւնները շուտով շարունակուին` առնչակից գլխաւոր կողմերու աջակցութեամբ», ըսաւ ան:
«Ուրբաթ օր Բրիտանիոյ հետ կը հիւրընկալենք կռիւին մասնակից չեղող պետութիւններու խորհրդաժողով` նպաստելու համար Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման ազատութեան վերականգնման առաքելութեան», յայտնեց Ֆրանսայի նախագահը: