Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Սուրիոյ Կայունութեան Քայքայման Փորձերն Ու Լիբանանցիներու Մեղսակցութիւնը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը դատապարտեց «Սուրիոյ կայունութեան քայքայման նպատակը հետապնդող եւ ընդհանուր կարգ ու կանոնին վնասելու փորձերը, որոնք Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը բացայայտեց 19 ապրիլ 2026 թուականին»:

Նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ` շեշտելով, որ «բացարձակապէս կը մերժէ Սուրիոյ անվտանգութեան եւ հողային ամբողջականութեան խաթարման ոեւէ լիբանանցիի մեղսակցութիւնը»:

Նշենք, որ Հըզպալլա մէկ օր առաջ կտրուկ կերպով հերքած էր «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի առնչուած բջիջի մը ձերբակալման շուրջ հրապարակած պնդումները եւ կեղծ ու շինծու ամբաստանութիւնները»` ընդգծելով, որ «ինչպէս շարունակ յայտարարած է», սուրիական հողերուն մէջ ներկայութիւն չունի, եւ այդտեղ իրեն առնչուած որեւէ տեսակի ու բնոյթի գործունէութիւն չկայ:

Կուսակցութիւնը զարմանք յայտնեց իւրաքանչիւր ապահովական դէպքի մէջ իր անուան ներառումը, որ նկատեց զինք ու իր դերակատարութիւնը վարկաբեկելու փորձ մը, «մինչ իսրայէլացի թշնամին կը դիմակայէ` առ ի պաշտպանութիւն Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին»:

 

Leave a Comment