Հըզպալլայի մէջ ներուժի եւ սահմաններու թղթածրարի պատասխանատու Նաուաֆ Մուսաուի նշեց. «Եթէ հանրապետութեան նախագահը Թրամփին ենթարկուի եւ Նեթանիահուի հետ հանդիպում ունենայ, պիտի կորսնցնէ երկրի նախագահի իր հանգամանքը»:
«Ո՞վ ըսաւ, թէ սիւննի մեծամասնութիւնը Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան կնքումը պիտի ընդունի», հարց տուաւ ան:
«Օրինականութիւնը Լիբանանի ներսէն կու գայ, եւ ոչ թէ դուրսէն: Զինադադարին մէջ մեզ հետաքրքրողը այն է, որ մեր ժողովուրդն ու այժմ մարտի դաշտին մէջ գտնուող դիմադրող եղբայրներուն հասցուած վնասը դադրի», յայտնեց Մուսաուի:
Հըզպալլայի մէջ ներուժի եւ սահմաններու թղթածրարի պատասխանատուն նաեւ նշեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարը կապուած է Իրանին, որ զինադադարը ստեղծեց»:
«Հըզպալլայի նպատակը զինադադարը չէ, այլ իսրայէլեան բանակին ամբողջական հեռացումը եւ տեղահանուածներուն առանց այլեւայլի վերադարձը, եւ այնքան ատեն որ սրտի զարկ ունինք, հարաւային Լիբանանի մէջ ոչ իսկ մէկ իսրայէլացի զինուոր պիտի մնայ», նշեց Մուսաուի:
«Իրանին իր դէմ մղուած պատերազմէն հզօր դուրս գալը Հըզպալլայի մէջ մեզ զօրացուց, եւ այժմ 2024 թուականին մեր եղածէն աւելի հզօր ենք», ըսաւ ան: