Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտարարեց, թէ կուսակցութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Իրանի միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարին:
Քումաթի նշեց, որ զէնքի նիւթը լիբանանեան ներքին հարց մըն է, որ Դիմադրութեան ու պետութեան միջեւ երկխօսութեան ենթակայ է:
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ այդ զէնքը խլել:
Ան աւելցուց, որ իր կուսակցութիւնը որեւէ խախտում պիտի չկատարէ, զինադադարը պիտի չտապալէ, սակայն շեշտեց, որ թշնամիին կողմէ որեւէ խախտում հակադարձութեան պիտի արժանանայ: