Շէյխ Քասեմ. «Հըզպալլան Առաւելագոյն Չափով Դրական Տրամադրուած Է Լիբանանի Իշխանութեան Հետ Գործակցելու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ժամանակաւոր զինադադարը պիտի չհաստատուէր, եթէ Հըզպալլայի զինեալներուն ցուցաբերած դիմադրութիւնը չըլլար:

«Հըզպալլան առաւելագոյն չափով դրական տրամադրուած է Լիբանանի իշխանութեան հետ գործակցելու նոր էջ մը բանալու, որ հիմնուած է մեր հայրենիք Լիբանանի գերիշխանութեան հաստատման վրայ», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Ոչինչ իրագործած դիւանագիտութեան սպասելով իսրայէլեան յարձակումին 15 ամիսներ համբերել պիտի չընդունինք», ըսաւ ան:

«Բա՛ւ է Լիբանանը ենթարկել նուաստացումի իսրայէլացի թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւններուն մէջ` անոր թելադրանքներուն ականջ տալու համար», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

Շէյխ Քասեմ նաեւ նշեց, որ զինադադարը թշնամական արարքներու ամբողջական դադրեցում կը նշանակէ` աւելցնելով. «Դիմադրողները պիտի հակադարձեն թշնամիի խախտումներուն` նկատի ունենալով, որ միայն Դիմադրութեան կողմէ զինադադար գոյութիւն չունի, այլ անիկա պէտք է երկու կողմերէն ըլլայ»:

 

Leave a Comment