Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հոլովոյթը ամբողջովին անջատ է, եւ լիբանանեան թղթածրարին վերաբերող որեւէ սահմանափակումի չ՛առնչուիր:
Թրամփ նշեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի «պատմական համաձայնութիւն» գոյացած է, եւ ասիկա զարգացում մըն է, որ 78 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ:
Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ աշխատանք կը տարուի մօտ օրէն Հըզպալլային առնչուած կացութիւնը սրբագրելու` երաշխաւորելու համար կայունութիւնը:
«Վերաշինութեան մէջ պիտի օգնենք Լիբանանին, եւ այդտեղ լաւ գործընկերներ ունինք», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Ամերիկեան աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Իսրայէլ Սպիտակ տունէն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Լիբանանի մէջ օդային յարձակումներու արգիլման մասին գրառումին վերաբերեալ բացատրութիւն պահանջեց»:
Աղբիւրը ամերիկեան կայքին աւելցուցած է. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ անոր խորհրդականները ցնցուեցան Թրամփի գրառումէն, որովհետեւ կը հակասէ զինադադարի համաձայնութեան բնագիրին: Նեթանիահու ապշեցաւ ու մտահոգուեցաւ, երբ Թրամփի գրառումը կարդաց»:
«Նեթանիահուի օգնականները սկսան փորձել հասկնալ, եթէ Ուաշինկթըն իր դիրքորոշումը փոխած է, եւ Սպիտակ տունէն բացատրութիւններ պահանջեցին», ըսած է աղբիւրը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին նշեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը կը պահպանէ Իսրայէլի ծրագրուած, մօտալուտ կամ ընթացող յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր գրաւած շրջանը երեք մասերու բաժնած է:
Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ստեղծած է 55 գիւղեր ներառող Դեղին գօտի մը, որուն մէջ ներառուած գիւղերու բնակիչներուն տունդարձը չ՛արտօնուիր:
Նշեալ շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Խիամի եւ Պընթ Ժպէյլի շրջաններուն մէջ գիւղերու գետնի հաւասարեցում տեղի կ՛ունենայ:
Իսրայէլեան բանակը երէկ հրապարակեց հարաւային Լիբանանի մէջ այն «պաշտպանութեան գիծ»-ը, ուր իր ուժերը կը գործեն:
Իսրայէլեան բանակը երէկ խուզարկում ու ականահարումներ կատարեց Մարժաայունի Տէյր Սըրիան գիւղին, ինչպէս նաեւ Մէյս Ժապալի մէջ:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումի մը ընթացքին իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած է, այլ զինուոր մը ծանրօրէն վիրաւորուած եւ 8 ուրիշներ միջակ մակարդակի ու թեթեւ վէրքեր ստացած են:
Լիբանանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ ամբողջութեամբ բացած է Խարտալիի ճամբան, Պըրժ Ռահհալի ճամբան` մասնակի կերպով, եւ աշխատանք կը տանի Թէյր Ֆըլսէյի կամուրջի վերանորոգման վրայ` միեւնոյն ժամանակ շարունակելով ճամբաները բանալ եւ ապահովութիւն հաստատել: