Լիբանանի-Իսրայէլ Փոխըմբռնման Յուշագիրի Բնագիրը Հրապարակուեցաւ

10-օրեայ զինադադարի համաձայնութեան գոյացումին յայտարարուելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի բնագիրը, որ կը նշէ. «Իսրայէլի պետութեան կառավարութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ հաղորդագրութեան հետեւեալ բնագիրին շուրջ. «14 ապրիլին Լիբանանի Հանրապետութեան (այսուհետեւ` «Լիբանան») եւ Իսրայէլի պետութեան (այսուհետեւ` «Իսրայէլ») կառավարութիւններուն միջեւ Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ տեղի ունեցած … Read more

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Իշխանութիւնները Լիբանանը Հասցուցին Նոր Ու Իբրեւ Գերիշխան, Ազատ Ու Անկախ Պետութիւն Գոյութեան Համար Չափազանց Վտանգաւոր Փուլի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ յայտնեց. «Լիբանանի իշխանութիւնները մեր սիրելի հայրենիք Լիբանանը հասցուցին նոր ու իբրեւ գերիշխան, ազատ ու անկախ պետութիւն գոյութեան, հողային ամբողջականութեան, ներքին համախմբուածութեան ու ազգային միասնականութեան համար չափազանց վտանգաւոր փուլի, երբ հնազանդեցան ամերիկեան ցուցմունքներուն եւ դիմեցին սիոնական թշնամիի հետ ուղղակի բանակցութիւններու ընտրանքին, հակառակ ազգային կամքին եւ անտեսելով Ազգային ուխտն ու երկրի ուժի … Read more

Պըրրի. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Ճիշդ Ուղղութեամբ Քայլ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «զգուշաւոր» գոհունակութիւն յայտնեց լիբանանեան ճակատի վրայ զինադադարի հաստատման որոշումին նկատմամբ` միեւնոյն ժամանակ յայտնելով, որ կը մերժէ Իսրայէլի հետ «ուղղակի բանակցութիւնը»: Ան յայտնեց, որ իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ հինգշաբթի առտու հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իրեն յայտնած է, որ զինադադարը հաստատուած է ըստ Իրանը ներառող համապարփակ մշակումի: Զինադադարի յայտարարուելէն ետք «Շարք Աուսաթ» … Read more

Այցելելով Ժեզզին` Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանը Ստեղծուեցաւ Խաղաղութեան Հայրենիք Ըլլալու Համար, Ոչ Թէ` Պատերազմներու Դաշտ»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հովուապետական այցելութեան նպատակով մեկնեցաւ Ժեզզին, ուր կոչ ուղղեց «խաղաղութիւնը ամրագրելու եւ բռնութեան ոլորապտոյտը դադրեցնելու»: «Լիբանանը ստեղծուեցաւ խաղաղութեան հայրենիք ըլլալու համար, ոչ թէ` պատերազմներու դաշտ», յայտարարեց Ռայի պատրիարք: Ան ուրախութիւն յայտնեց «նոր էջի սկիզբի» նկատմամբ` շեշտելով. «Զինադադարը հրատապ անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ պատերազմը միայն քանդում, սպանութիւն եւ թշնամանք կը … Read more

Ֆատլալլա. «Որեւէ Անձնատուութիւն Կամ Ենթակայութիւն Պիտի Չընդունինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա նշեց. «Իրան մեզի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի հետ հաղորդակցութիւնները դիւրացուցին զինադադարը»: «Տեղահանուածները իսրայէլեան զգուշացումները անտեսեցին եւ սկսան հարաւ վերադառնալ», յայտնեց ան: «Կը վերահաստատենք մեր սկզբունքները եւ կ՛ուզենք, որ թշնամական արարքները դադրին, թշնամին հեռանայ եւ տեղահանուածները վերադառնան», յայտնեց Ֆատլալլա: «Զինադադարը առաջին քայլ մըն է. նպատակը թշնամիին հեռանալն … Read more

Աունի Հետ Իր Հեռաձայնային Զրոյցէն Ետք. Թրամփ. «Լիբանան Եւ Իսրայէլ Տասը Օր Տեւողութեամբ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

Երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերջինս վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի իրագործման ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման եւ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար Թրամփի թափած ջանքերուն համար: Աուն նաեւ մաղթեց, որ այս ջանքերը շարունակուին` կարելի … Read more

Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Ղեկավարներու Իրարու Հետ Խօսելէն Երկար Ժամանակ Անցած Է. Ատիկա Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրառում մը կատարելով յայտարարեց. «Կը փորձենք Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ շունչ առնելու փոքր տարածք ստեղծել: Իսրայէլի եւ Լիբանանի ղեկավարներու իրարու հետ խօսելէն երկար ժամանակ` շուրջ 34 տարի անցած է: Ատիկա վաղը տեղի պիտի ունենայ»: «Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թրամփ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն վերաբերեալ իր գրառումը կատարեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել … Read more

Պըրրի-Քալիպաֆ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Իրանի իսլամական հանապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ երէկ հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Երկու երկիրներու խորհրդարաններու նախագահները քննարկեցին կացութեան զարգացումները շրջանին եւ Լիբանանի մէջ, մասնաւորաբար հարաւի մէջ, ուր իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին, ինչպէս տեղի ունեցած էր Կազայի մէջ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ այլ բանէ առաջ զինադադարին մէջ Լիբանանը ներառելուն անհրաժեշտութիւնը:    

Նախագահ Աուն Ռուպիոյին Շնորհակալութիւն Յայտնեց Զինադադարի Հաստատման Գծով Ուաշինկթընի Ջանքերուն Համար

Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնած է նախագահ Ժոզեֆ Աունին: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է զինադադարի հաստատման նպատակով ջանքերուն եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ռուպիօ իր կարգին վստահեցուցած է, որ կը շարունակէ իր ընթացող ջանքերը զինադադարի հասնելու` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման: Ամերիկեան … Read more

Իսրայէլ Ամբողջովին Քանդեց Հարաւային Լիբանանը Երկրի Մնացեալ Մասերուն Կապող Վերջին Կամուրջը

Իսրայէլեան օդուժը երէկ բուռն յարձակումներ գործեց Նապաթիէի վրայ, ուր մեծ աւեր յառաջացաւ: Մասնաւորաբար բուռն էր Քֆարրումմանի վրայ յարձակումը: Յարձակում գործուեցաւ նաեւ Առնունի եւ Քֆարհաթթայի վրայ: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ Տահր Պայտարի շրջանին մէջ փոքր փոխադրակառք մը հարուածեց, այդ պատճառով ալ արձանագրուեցաւ զոհ մը, եւ դէպի Պեքա տանող ճամբան որոշ ժամանակով փակուեցաւ: Իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի հետ բուռն … Read more