Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ամերիկեան «Սի.Տի.Էմ.» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Քանի տակաւին պատերազմներ կան, չափաւորական անձերու դերակատարութիւնը լուսանցքային պիտի ըլլայ»:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի զարգացումներուն` ան ըսաւ. «Իսրայէլացիները այս պատերազմին որեւէ հասարակութիւն չեն պաշտպաներ, այլ բոլորին վրայ յարձակում կը գործեն, բոլորը կը սպաննեն, եւ բոլոր տուները կը քանդեն: Քրիստոնեաներն ու քրիստոնէական գիւղերը ի վերջոյ իրենց դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ կ՛ուզեն ապրիլ: Անոնք Իսրայէլի հետ կրնան խաղաղութեամբ ապրիլ, սակայն նաեւ կարիքը ունին մնացեալ լիբանանցիներուն եւ իսլամներուն ու անոնց մերձակայ գիւղերուն հետ խաղաղութեամբ ապրելու»:
«Քրիստոնեաներուն պէտք է արտօնել հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց գիւղերը մնալ, որովհետեւ եթէ հեռանան, անոնց համար վերադառնալը դիւրին պիտի չըլլայ», շեշտեց երեսփոխանը:
«Հըզպալլան խնդիր է, որովհետեւ դժբախտաբար վերջերս իրանեան օրակարգին հիմամբ կը գործէ եւ լիբանանցի ժողովուրդի համամտութիւնը չի վայելեր, ո՛չ ալ ինքնագլուխ գործելու համար կառավարութենէն ու լիբանանեան իշխանութիւններէն լիազօրութիւն ունի: Ուստի, կուսակցութիւնը հիմա տեղի ունեցողին համար որոշ պատասխանատուութիւն կը կրէ: Սակայն քանդումին համար պատասխանատուները իսրայէլացիներն են:
«Ելքը խաղաղ լուծումն է. իսրայէլեան կողմը պէտք է դադրեցնէ թշնամական արարքները, իսրայէլեան բանակը պէտք է հեռանայ, իսկ լիբանանեան կողմէն լիբանանեան պետութիւնը պէտք է սահմանին վրայ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման պատասխանատուն ըլլայ», ըսաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը: