Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ:
Սուրիական «Իխպարիէ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, տնտեսական ու առեւտրական գործակցութիւնը զարգացնելու եւ կայունութեան ամրապնդման ու մարտահրաւէրներու դիմակայման համար ապահովական համակարգումը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Անոնք նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են:
Սալամ հանդիպումէն ետք Դամասկոսի օդակայանին մէջ յայտարարեց. «Դամասկոս այցելեցինք խորհրդակցութիւնը շարունակելու եւ աշխատանք տանելու բոլոր ոլորտներուն մէջ ամրապնդելու լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են վստահութեան, երկու երկիրներու գերիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց շահերու վրայ»:
«Այսօր հասարակաց խնդիրներու, մասնաւորաբար առկախ մնացած խնդիրներու կարգաւորման մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք` բարի կամեցողութեամբ, գործակցութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ եւ առանց վերապահութեան ու տատամսումի, եւ վստահ եմ, որ ատոր շօշափելի արդիւնքները շուտով երեւան պիտի գան», ըսաւ վարչապետը:
«Ընդգծեցինք սահմանին վերահսկողութիւնը խստացնելու եւ ամէն տեսակի մաքսանենգումը արգիլելու անհրաժեշտութիւնը, եւ համաձայնեցանք տեղահանուածներուն արժանապատիւ տունդարձը դիւրացնելու համար երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակելու», յայտնեց Սալամ:
«Երկխօսութեան կարեւորութեան շուրջ համաձայն գտնուեցանք, ինչպէս նաեւ քննարկեցինք բանտարկեալներու փոխադրման համաձայնութեան գործադրութիւնը», աւելցուց ան:
«Քննարկեցինք արտածումներուն եւ տարանցման վրայ դրուած տուրքերու խնդիրը, համաձայնութիւն գոյացաւ ամրապնդելու որակաւորման, թեքնիք արժեչափերու եւ տարրալուծարանային քննութիւններու ոլորտներուն մէջ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ զարգացնելու երկկողմանի տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները, ներառեալ երկու երկիրներուն միջեւ արտօնեալ առեւտուրը եւ ներդրումներու խթանումը», աւելցուց ան:
«Լիբանանեան-սուրիական աշխատանքներու խորհուրդի գործունէութեան մեկնարկումը կատարելու շտապելու շուրջ եւ յառաջիկայ շաբաթներուն Դամասկոսի մէջ ժողով մը գումարելու շուրջ կարծիքներու համընկնում տեղի ունեցաւ», յայտնեց Սալամ:
«Լիբանան պիտի չարտօնէ, որ իր հողերը վերստին արաբ եղբայրներուն ու մասնաւորաբար Սուրիոյ վնասելու համար իբրեւ հարթակ օգտագործուին», նշեց վարչապետը: