Եւրոպական Միութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու բարձրագոյն յանձնակատար Հաժժէ Լահպիպ յայտարարեց, թէ Լիբանան Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատանդ բռնուած է իր կարողութենէն աւելի մեծ ճգնաժամի մը պայմաններուն մէջ:
Լահպիպ Հըզպալլայի կոչ ուղղեց դադրեցնելու Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները, նաեւ կոչ ուղղեց Հըզպալլան զինաթափելու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ քաղաքային կառոյցներուն վրայ իր օդային յարձակումները դադրեցնելու:
Եւրոպական Միութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու բարձրագոյն յանձնակատարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանի կացութիւններու զարգացումներուն, Լիբանանի եւ հարաւի վրայ Իսրայէլի յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ մարտական վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց հետեւանքներուն եւ մասնաւորաբար տեղահանուածներու թղթածրարին:
Լահպիպ նաեւ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ, որ յայտնեց. «Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու Լիբանանին տրամադրած աջակցութիւնը պէտք է Իսրայէլին զինադադարը յարգել պարտադրելու, տուները ականահարելն ու հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած գիւղերը հողի հաւասար ընելէ, շտապ օգնութեան անդամները, լրագրողներն ու Քաղաքացիական պաշտպանութեան անդամները թիրախաւորելէ դադրիլ ստիպելու վրայ կեդրոնանայ»:
«Զինադադարը պէտք է ամբողջական ու համապարփակ ըլլայ», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Աուն Եւրոպական Միութեան յանձնակատարին վստահեցուց, որ «լիբանանցի ժողովուրդը համերաշխ է ներկայ մարտահրաւէրներուն առջեւ եւ հաւատարիմ է իր միասնութեան եւ սադրանքի որեւէ փորձի դէմ իր միացեալ դիրքորոշման»:
Լահպիպ իր կարգին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը կանգնի Լիբանանի կողքին եւ կը շարունակէ տեղահանուածներուն օժանդակութիւններ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու եւ զէնքի մենաշնորհման ընտրանքին ամբողջական քաղաքական աջակցութիւն տրամադրել: