Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Մեր երկրին վրայ իսրայէլեան յարձակումի դիմակայման մէջ մենք մեր գոյութեան ու ճակատագիրի պաշտպանութեան դիրքի վրայ ենք:
«Գոյութիւն ունի նոր փուլ մը, ուր Դիմադրութիւնը չ՛ընդունիր 2 մարտէն առաջուան կացութեան վերադառնալ: Երբ մեր գիւղերուն եւ մեր արուարձանին վրայ յարձակում կը գործուի, թշնամին պէտք է պատասխան սպասէ, եւ Դիմադրութիւնը այդ է, որ կը կատարէ»:
«Գինն ու մարտահրաւէրները ի՛նչ որ ալ ըլլան, Դիմադրութիւնը անցեալ փուլին վերադառնալ պիտի չարտօնէ», շեշտեց երեսփոխանը:
«Այսօր իշխանութեան տիրող մեծամասնութիւնը իր բանակին հրամայեց փոխանակ թշնամիին դէմ դնելու նահանջելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ հերոս դիմադրողները չըլլային, թշնամին այսօր Պէյրութի մէջ կ՛ըլլար, ինչպէս տեղի ունեցաւ 1982 թուականին»:
«Թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւնը զիջողական հոլովոյթ է, թէեւ մենք դէմ չենք ուժի վրայ հիմնուած դիւանագիտութեան, որ մեզ 1996 թուականին հասցուց Ապրիլեան փոխըմբռնման, գերիներու ազատութեան եւ եւ պաշտպանութեան հաւասարակշռութիւններու ապահովման», յայտնեց Ֆատլալլա:
«Այդ պատճառով ալ մենք կողմ ենք անուղղակի բանակցութիւններուն, որոնք կը յանգեցնեն որոշ քայլերու ճամբով նպատակներուն իրագործման: Իսկ Ուաշինկթընի մէջ այս հոլովոյթը, որուն դիմած է իշխանութիւնը, Թաէֆէն եւ սահմանադրութենէն դուրս գալ է, եւ մենք անոր կոչ կ՛ուղղենք ետդարձ կատարելու, եւ ան ատիկա կատարելու բաւարար ազգային արդարացուցիչ պատճառները ունի», ըսաւ ան:
«Այս ուղղակի բանակցութիւնները ներքին պառակտումը աւելցուցին եւ պետութեան հաստատութիւններուն մէջ ճեղք յառաջացուցին: Ճիշդ չէ, որ պետութիւնը բանակցութիւններու դիմեց. իշխանութեան տիրող մեծամասնութիւնն է, որ բանակցութիւններուն դիմեց, եւ մենք պետութեան մաս կը կազմենք, եւ պետութիւնը այս հոլովոյթին մէջ միասնական չէ: Իսկ մեր ժողովուրդին ու պետութեան միասնականութեան վրայ հիմնուիլը կը զօրացնէ մեր դիրքը», յայտնեց Ֆատլալլա: