Ընդունելով Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Մնասսա. «Բանակցութիւնները Պետութեան Իշխանութեան Ամբողջական Վերականգնման Միակ Ուղին Են»

Պաշտպանութեան նախարար հազարապետ-զօրավար Միշել Մնասսա Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւններուն, ընդգծուեցաւ պատերազմի վերջնական դադրեցման առաջնորդող ապահովական համաձայնութեան հասնելու եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու համար ապահովական համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան միջնորդութեամբ կատարուած եւ … Read more

Այցելելով Նախագահ Աունի` Մախզումի Կոչ Կ՛ուղղէ` Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններու Եւ Պետութեան Դերակատարութեան Վերականգնման

Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Մախզումի հանդիպումէն ետք ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց «այն հոլովոյթին, որ նախագահ Աունը կը ղեկավարէ Լիբանանի պաշտպանութեան, պետութեան դերակատարութեան ամբողջական վերականգնման եւ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու ընտրանքին առումով, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի գերագոյն շահերը, հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը կ՛ապահովէ եւ … Read more

Աուն. «Նահատակներու Յիշատակը Յարգելը Խոստումի Վերանորոգում Է, Թէ Կատարուած Զոհաբերութիւնները Ապարդիւն Պիտի Չմնան»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարեց. «Մայիսի 6-ին ամբողջ Լիբանանը` հեռաւոր հիւսիսէն մինչեւ հեռաւոր հարաւ, ակնածանքով եւ հաւատարմութեամբ կը կանգնի այն հոգիներուն առջեւ, որոնք ամէն ինչ զոհաբերեցին, որպէսզի մենք կարենանք հայրենիք ունենալ»: «Նահատակներու տօնը պարզապէս օրացոյցին մէջ կանգառ մը չէ, այլ վերանորոգում մը խոստումի, թէ կատարուած զոհաբերութիւնները ապարդիւն պիտի չմնան», ըսաւ ան: «Այսօր այս յիշատակը կը … Read more

Պըրրի. «Իմ, Նախագահին Եւ Վարչապետին Միջեւ Յարաբերութիւնը Ամուր Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ իր, հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են, եւ կայունութեան ամրապնդման համար կարեւոր է այդ յարաբերութիւններուն պահպանումը»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին: «Արաղչին (Իրանի արտաքին գործոց նախարար, «Ա.») մեզի ըսաւ, թէ Լիբանանը Ուաշինկթընի հետ զինադադարի որեւէ համաձայնութեան մաս կը կազմէ», ըսաւ Պըրրի: … Read more

Սալամ. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Չենք Երթար, Այլ` Դէպի Խաղաղութիւն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանը դէպի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում չ՛երթար, այլ` դէպի խաղաղութիւն: Սալամ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան Իսրայէլի հետ ուղղակի կերպով կը բանակցի: «Լիբանան յաջողեցաւ հաստատել, որ ինքն իր համար կը բանակցի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ լիբանանեան հոլովոյթը Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններու հոլովոյթէն ամբողջովին … Read more

Աուն. «Այն, Ինչ Որ Կ՛ընեմ, Բոլոր Լիբանանցիներու Շահին Համար Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Մարժաայունէն, Քլէյաայէն, Տէյր Միմասէն, Պըրժ Մլուքէն, Ըպլ Սաքիէն եւ Քաուքապայէն պատուիրակութիւն մը, որուն առջեւ շեշտեց. «Երբ հարաւային Լիբանանը յոգնած ըլլայ, ատիկա ամբողջ Լիբանանի վրայ անդրադարձ կ՛ունենայ, եւ ժամանակն է, որ հարաւային Լիբանանը եւ անոր հետ ամբողջ Լիբանանը հանգչին»: «Կը շարունակեմ ջանքերը աւարտելու պատերազմը, որմէ բոլորը տառապեցան, … Read more

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կը Դատապարտենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Վրայ Իրանեան Յարձակումները»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «ամէնէն բուռն եւ խիստ ձեւով» դատապարտեց «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները թիրախաւորած իրանեան մերժելի յարձակումները»` զանոնք նկատելով եղբայրական պետութեան մը գերիշխանութեան, միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բացայայտ խախտում մը` աւելցնելով, որ այդպիսի արարքները շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ վտանգաւոր սպառնալիք են: Նախարարութիւնը Լիբանանի «ամբողջական ու հաստատ» … Read more

Պըրրի. «Անհրաժեշտ Է, Որ Միջազգային Կազմակերպութիւնները Իսրայէլեան Ոճիրներուն Դատապարտման Նկատմամբ Իրենց Դերակատարութեան Տէր Կանգնին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ ներկայացուցիչ Փաոլօ Ֆոնթանին: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին ու տարբեր մակարդակներու վրայ անոր հետեւանքներուն, մասնաւորաբար հարաւայի Լիբանանի մէջ հնագիտական, մշակութային, կրօնական, կրթական եւ քաղաքային վայրերու թիրախաւորման: Պըրրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւնները, … Read more

Պայրագտարեան Այցելեց Ներքին Գործոց Նախարարին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի եւ անոր հետ քննարկեց հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը թղթածրարներ: Երկու նախարարները շեշտեցին կարեւորութիւնը երկու նախարարութիւններուն միջեւ համակարգումն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչ որ երիտասարդներուն մատուցուած ծառայութեան վրայ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, մասնաւորաբար երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան մօտ օրէն նախաձեռնելիք ծրագիրներու … Read more

Նախագահ Աուն. «Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Համար Պահը Յարմար Չէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը եւ շեշտեց. «Մեր ազգային որոշումով եւ միասնականութեամբ կրնանք բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայել, եւ Լիբանանի մէջ սադրանքի շուրջ շինծու ամբողջ ժխտական մթնոլորտը անհիմն է»: Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ընթացող հանդիպումները կարեւոր ձեռքբերում են Լիբանանի համար, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի … Read more