Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց, որ հիւսիսային ճակատի վրայ Լիբանանի հետ զինադադար գոյութիւն չունի:
Զամիր Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբին մէջ լսումի նիստի ընթացքին նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու նպատակ չէ ճշդած:
«Մեր նպատակը հակազրահապատ հրթիռներու սպառնալիքը արգիլելը, Գալիլիա ներթափանցումը արգիլելն ու Հըզպալլայի կազմաքանդման պայմաններու ստեղծումն է», նշած է իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը: